Search
Close this search box.

«Ազերպայճանի բռնապետ Ալիեւ կ՚օգտուի անտարբերութենէն՝ սեղմելով իր մահաբեր օղակը հայկական Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ»

Ֆրանսացի ընտրեալներու նոր կոչը

Ֆրանսայի Հանրապետականներէն ետք, այս անգամ ալ ձախակողմեան քաղաքական ուժերը ներկայացնող վեց տասնեակէ աւելի ծերակուտականներ, երեսփոխաններ եւ տարածքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, ներառեալ՝ Ծերակոյտի Ընկերվարական խմբակցութեան նախագահ Փաթրիք Քաներ, Համայնավար խմբակցութեան նախագահ Էլիան Ասսասի, Բնապահներու խմբակցութեան նախագահ Կիյոմ Կոնթար, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու, պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու յանձնաժողովի փոխնախագահ Մարի-Առլէթ Գարլոթթի, Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազ, Համայնավար կուսակցութեան անդամ եւ բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ Փիէր Ուզուլիաս, Ծերակոյտի Տնտեսական հարցերու յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆապիէն Կէ, Ազգային ժողովի Ազգային պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու յանձնաժողովի փոխնախագահ Իզապէլ Սանթիակօ, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Սիլվի Կիյոմ եւ ուրիշներ «Մոնտ» թերթին մէջ լոյս տեսած կոչով դիմած են Ֆրանսայի գործադիր իշխանութեան՝ պահանջելով Արցախին գործնական աջակցութիւն ցուցաբերել։

«Այս խառնակ ժամանակաշրջանին, երբ աշխարհի մէջ անկարգութիւնները կ՚ահագնանան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ջանքեր կը գործադրէ՝ փորձելով ոչ միայն գոյատեւել, այլեւ Հարաւային Կովկասի մէջ մարմնաւորել այն ժողովրդավարական արժէքները, զորս մենք կը համարենք մերը։ Մինչդեռ,  այս առնչութեամբ մենք ոչ մէկ քայլի կը նախաձեռնենք եւ չենք աջակցիր անոր՝ Ազերպայճանի կողմէ ի գործ դրուող ցեղային զտման փորձերուն դիմադրելու հարցին մէջ: Համաշխարհային նորութիւններու իւրաքանչիւր նոր ցնցման պայմաններուն մէջ, որու վերջին օրինակը Փրիկոժինի պարագան է (Ռուսաստանի մէջ, Վակներ խումբի ապստամբութեան փորձը – «ՆՅ»), Ազերպայճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւ կ՚օգտուի՝ ինչպէս այլ կողմ սեւեռած մեր ուշադրութենէն, այնպէս ալ՝ մեր մեղաւոր անտարբերութենէն՝ այդպէսով ա՛լ աւելի սեղմելով իր մահաբեր օղակը հայկական այս տարածքին մէջ:

Այսպէս, Յունիս 15-էն ի վեր վերջնապէս մէկդի շպրտելով Լեռնային Ղարաբաղը եւ Հայաստանը կապող Լաչինի միջանցքով ազատ երթեւեկութեան պայմանը եւ սաստկացնելով 2022 Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր շարունակուող շրջափակումը՝ Իլհամ Ալիեւ կը տեղադրէ կրախիճէ պատնէշներ՝ վերջնականապէս խափանելով հաղորդակցութիւնը։

Ներկայիս ընդլայնուած Եւրոպայի մէջ սա «Նոր Պերլինի պատ» է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարիւր քսան հազար բնակչութիւնը կ՚առաջնորդէ դէպի սովամահութիւն։ Հանրապետական մեր գործընկերներուն նման մենք ե՞ւս պէտք է կրկնենք, որ Պաքուի գործողութիւնները կը հակասեն միջազգային իրաւունքի ամենատարրական սկզբունքներուն։ Արդեօք դեռ պէ՞տք է յիշեցնենք, որ Ազերպայճան ամէն օր կը խախտէ իր իսկ ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ 2020 Նոյեմբերի հրադադարի պայմանները:

Արդեօք մենք պէտք է վերստի՞ն յիշեցնենք, որ այս սրիկայ պետութիւնը, ծաղրելով Արդարադատութեան միջազգային ատեանի 2023 Փետրուար 22-ի որոշումը, որ անոր կը պարտադրէ անյապաղ վերականգնել ազատ տեղաշարժը Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ, զինք կը դարձնէ վտարանդի միջազգային հանրութենէն։ Եւ  վերջապէս, արդեօք պէ՞տք է նշենք, որ գործադիր իշխանութիւնը ունի գործելու յստակ լիազօրագիր՝ առաջնորդուելով 2022 Նոյեմբեր 15-ին Ծերակոյտին եւ 2022 Նոյեմբեր 30-ին Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած բանաձեւերով, որոնք կ՚ընձեռեն լիարժէք ազատութիւն՝ Պաքուի վարչակարգին դէմ տնտեսական եւ քաղաքական պատիժներու նախաձեռնելու եւ յարձակման ենթարկուած Հայերուն վճռական ու անյապաղ աջակցութիւն ցուցաբերելու։

Ընթացիկ իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, թէ Ֆրանսա գիտէ ինչպէս պատժել՝ այն որ կ՚ուզէ եւ երբ որ կ՚ուզէ. նոյնիսկ հզօր Ռուսաստանի պարագային՝ այդպէս եղաւ։ Ներկայի զարգացումները ցոյց կու տան, թէ մենք նաեւ գիտենք ինչպէս մեր ուժերը տեղակայել Մոլտաւիոյ սահմաններուն։ Լեռնային Ղարաբաղի ի նպաստ մեր կրկնուող կոչերը չլսել եւ անոր ի նպաստ մեր յանձն առած միջոցները չամրապնդել կը նշանակէ ըլլալ Ազերպայճանի մեղսակից։

Հանրապետութեան նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ Դիմադրութեան հայազգի ռազմիկ Միսաք Մանուշեանը Ֆրանսայի Պանթէոն մուտք պիտի գործէ 2024 Փետրուար 21-ին՝ իր գնդակահարումէն ութսուն տարի ետք։ Մեզի կը մնայ միայն ողջունել այս որոշումը, որ ի դէմս Մանուշեանի՝ կը մեծարէ նաեւ որեւէ երկրի քաղաքացիութիւն չունեցող եւ մերժուած հարիւրաւոր մարդոց՝ Հայերու, Հրեաներու, սպանացի Հանրապետականներու, իտալացի հակաֆաշականներու եւ շատ ուրիշներու յանձնառութիւնը՝ ծառայելու ի խնդիր ազատութեան, մարդկութեան եւ եղբայրութեան արժէքներու, որոնք մեր Հանրապետութեան արժէքները կը հանդիսանան։ Բայց այս արդարացի երախտագիտական քայլը պէտք չէ վերածուի խեղկատակութեան՝ ծառայէ պատնէշ մը, որ թոյլ կու տայ Հայերը թողել միայնակ, դէմ-յանդիման Ազերպայճանի ներկայի բռնատիրական եւ ինքնակալական վարչակարգին:

Հայկական Լեռնային Ղարաբաղը կը գտնուի անհետացման եզրին։ Լեռնային Ղարաբաղը, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կը ներկայացնէ այն ինչ որ մենք կը պնդենք, թէ կը մարմնաւորէ զմեզ, արժանի է աւելիին, քան անուշադիր հայեացքի: Ան պարզապէս արժանի է, որ իր քաղաքացիներու ինքնորոշման իրաւունքը յարգուի: Ան կ՚արդարացնէ Ֆրանսայի դերն ու գործունէութիւնը տարածաշրջանին մէջ, եւ բռնագրաւումը որեւէ պարագայի չի կրնար կասկածի ենթարկել անոր գոյութիւնը։

Իր կնոջ՝ Մելինէին ուղղուած հրաժեշտի ծանօթ նամակին մէջ Միսաք Մանուշեան կը գրէր. “Իմ մահուան պահուն ես կը յայտարարեմ, որ ատելութիւն չունիմ գերմանացի ժողովուրդին եւ ոեւէ մէկուն հանդէպ։ Իւրաքանչիւրը պիտի ստանայ ըստ արժանւոյն՝ այդ մէկը ըլլայ պատիժ, թէ՝ վարձատրութիւն։ Գերմանացի ժողովուրդը եւ միւս բոլոր ժողովուրդները պատերազմէն յետոյ պիտի ապրին խաղաղութեան եւ եղբայրութեան մէջ, որոնք երկար պիտի չտեւեն”։

Մենք կը խնդրենք Էմանիւէլ Մաքրոնէն պատիժներ կիրարկել Իլհամ Ալիեւի եւ անոր յանցախումբին նկատմամբ՝ առանց ատելութիւն տածելու իր ժողովուրդին հանդէպ, որպէսզի Հայերն ու Ազերպայճանցիները վերջապէս կարենան գոյակցիլ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան պայմաններու տակ Հարաւային Կովկասի մէջ, ուր անոնք կ՚ապրին կողք-կողքի»,– նշուած է ֆրանսացի ընտրեալներու կոչ-յայտարարութեան մէջ: