Ազերպայճանի Ելեւմուտքի նախարար Սամիր Շարիֆով՝ ելոյթ ունենալով Միլլի Մեճլիսի (խորհրդարան) տնտեսական քաղաքականութեան, արդիւնաբերութեան և ձեռներէցութեան յանձնախումբի նիստին յայտարարած է, թէ Հայաստանի ռազմականացումը Պաքուն ստիպած է աւելցնելու իր ռազմական ամավարկը։
Շարիֆովի համաձայն՝ Ազերպայճանի յաջորդ տարուան ամավարկը կը նախատեսէ պաշտպանական ծախսերուն յատկացնելւշուրջ 5 միլիառ տոլար։
Իր կարգին Երեւան հաղորդած է, որ Հայաստանի ռազմական ամավարկը գալ տարի կ՚աւելնայ 20 տոկոսով։ Փորձագէտները աննախադէպ համարած են այս յաւելումը։
Հայաստանի ռազմականացման դէմ դժգոհող Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Սեպտեմբերի վերջ յայտարարած էր, թէ իր երկիրը կ՚ընդլայնէ իր ռազմական կարելիութիւններըները նոր համագործակցութիւններ հաստատելով բազմաթիւ երկիրներու հետ, շեշտելով որ Ազերպայճանի պաշտպանունակութեան ամրապնդումը առաջնահերթութիւն է։
Հայաստան եւս բազմաթիւ անգամներ յայտարարած է, թէ «մարտունակ բանակ ունենալը իր ինքնիշխան իրաւունքն է»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։