Search
Close this search box.

Ազերպայճանի լրբութեան նոր մէկ դրսեւորումը՝ ան ներկայացուցած է Երեւանի «օրհներգը»

«Գեղարդ» հիմնադրամի հաղորդագրութիւնը

«Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամը կը դատապարտէ եւ անթոյլատրելի կը համարէ միջազգայնօրէն ճանչցուած պետութեան մայրաքաղաքի (Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի – խմբ.) մասին ազերպայճանական կամ թրքական «օրհներգ»-ի պատրաստումն ու տարածումը։

«Ալիեւեան վարչակազմի նկրտումները Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի նկատմամբ շարունակաբար աճ կ՚արձանագրեն։ Միջազգայնօրէն ճանչցուած անկախ պետութեան տարածքը Ազերպայճանի պատմական հողեր հռչակելէ բացի՝ Պաքուի քարոզչամեքենան անդադրում կ՚աշխատի նաեւ մշակոյթի, ներառեալ՝ երաժշտագիտութեան բնագաւառին մէջ։

Վերջերս հրապարակուեցաւ, իրենց կեղծ բնորոշումով, “Իրեւանի թրքական հանրապետութեան” պետական օրհներգը, որու բովանդակութիւնը Երեւանը “օտար ձեռքերէ ազատելու եւ  վերադարձնելու” մասին է։

Օրհներգին հեղինակը ազերպայճանցի երգահան Ջաւանշիր Կուլիեւն է, որ ինչպէս ինք կը նշէ, Իլհամ Ալիեւի նախընտրածն է եւ նախագահական վերջին ընտրութեան ժամանակ աջակցած է անոր։ 

Կուլիեւ “Օրհներգ”-ը գրելու պատուէրը ստացած էր 2021-ին։ 

Այստեղ ակնյայտ է “մեծ պատմաբան” Ալիեւի նկրտումը՝ երաժշտագիտութեան ոլորտին մէջ եւս բարձունքներ նուաճելու եւ այդ բնագաւառէն ներս նոյնպէս յաւերժանալու։

Յատկանշական է, որ Ազերպայճանի Օփերայի և պալէի պետական ակադեմական թատրոնի շէնքը, ուր հնչած է “ստեղծագործութիւնը”, նախագծած է ազգութեամբ հայ ճարտարապետ Նիկոլայ Բաեւ. շէնքը օրին պատկանած է Մայիլեան եղբայրներուն։

Անգամ մը եւս Պաքու կ՚իրականացնէ ազերպայճանական հասարակութեան “ուղեղներու լուացում” եւ կը շարունակէ իր հակահայկական քարոզչութիւնը»,– յատկապէս նշուած է «Գեղարդ»-ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: