Մայիս 22-ին, Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանի նախագահին՝ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ կատարած յայտարարութիւնները անմիջապէս «արժանացած» են Ազերպայճանի Միլլի մեճլիսի դատապարտումին, որ պնդած է, թէ «միջամտութեան փորձերը նպատակ ունին խաթարելու խաղաղութեան հոլովոյթին յաջողած քայլերը»։
«Հաւանաբար Լիւքսեմպուրկի ներկայացուցիչները իրենց օրէնսդրութեան մէջ ֆրանսերէնը հիմնական լեզու սահմանելով չափազանց տարուած են “ֆրանսական ոճով” Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի նկատմամբ մօտեցումով։ Անոնք չեն խուսափիր կամայականօրէն խեղաթիւրելէ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթները եւ նոյնիսկ որոշ պահանջներ կը ներկայացնեն Ազերպայճանին»,– նշուած է Ազերպայճանի խորհրդարանի յայտարարութեան մէջ։
Դիմելով հայկական կողմին՝ ազերպայճանցի երեսփոխանները «յիշեցուցած են»․ «Տարածաշրջանէն դուրս գտնուող երրորդ երկիրներու կողմէ շրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներու վերաբերեալ միակողմանի մօտեցումները, յերիւրանքներն ու սուտերը ծափահարելը օգուտ չի բերեր խաղաղութեան գործընթացին եւ վստահութեան ամրապնդման միտող քայլերուն»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։