Յուլիս 25-ին, Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ «Հայաստան ու իր հովանավորները պէտք է զերծ մնան նոր պատերազմի օճախ ստեղծելու մտադրութենէն»։
Պնդելով, որ վերջին շրջանին հայկական ուժերը իբրեւ թէ ծանր զինատեսակներով կրակ բացած են Քելբաջարի շրջանին մէջ եւ անօդաչու սարքեր գործածած՝ Թովուզի ուղղութեամբ, ազերպայճանական ռազմական գերատեսչութիւնը ըսած է. «Եթէ այդպիսի գրգռիչ գործողութիւնները չդադրին, ապա ինքնապաշտպանութեան նպատակով Ազերպայճանի Զինուած ուժերու զինանոցին մէջ գտնուող բոլոր միջոցներով համապատասխան քայլեու պիտի ձեռնարկուի»։
Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ քննադատած է արեւմտեան պետութիւնները՝ Հայաստանի հետ ռազմական համագործակցութիւնը ամրապնդելնուն համար։
«Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի մէջ ընթացած ռազմափորձերը, Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին մահաբեր զէնքերու տրամադրումը ու ԵՄ-ի կողմէ՝ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի քօղին տակ Երեւանին 10 միլիոն եւրոյի ռազմական օգնութեան յատկացումը, կ՚ոգեշնչեն բռնագրաւող Հայաստանը, որ նոր գրգռութիւններու դիմէ եւ Ազերպայճանի դէմ յաջորդական պատերազմի նախապատրաստուի»,– ընդգծուած է Պաքուի հաղորդագրութեան մէջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս հակազդած է՝ նշելով, թէ «կացութիւնը հրահրելու միտող հռետորաբանութեան մէջ Հայաստանը ներքաշելու փորձերը անհասկնալի են։ Կառավարութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ խաղաղութեան օրակարգին եւ պիտի չշեղի այդ ռազմավարութենէն»։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։