Մինչ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը յայտարարէ, որ Ազերպայճան, ի հեճուկս համաձայնութիւններու, կը փորձէ տարածքային պահանջներ ներկայացնել Հայաստանի նկատմամբ, Ալէն Սիմոնեանն ալ, թէ՝ Հայաստան ըսած է «Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը Հայաստան են» եւ ատոր համար Ալիեւ փոխադարձաբար կը կրկնէ «Էրիվանի եւ Սեւանի», մասին, Ազերպայճան արդէն «իրը կը համարէ» Հայաստանի պատմաճարտարապետական յուշարձանները։
«Հայք» կազմակերպութեան մշակոյթի պաշտպան, ազերպայճանագէտ Յովիկ Ավանէսով վստահ է, որ Ազերպայճանի նպատակն է կեղծ թեզերով «պատմական հիմքեր» ստեղծել ու իբրեւ թէ ապացուցել, որ Հայաստանի տարածքը իր «պատմական տարածքն է»։
«1918-ին Թուրքիոյ ցեղասպան քաղաքականութեան հետեւանքով աշխարհի քարտէսին վրայ յայտնուեցաւ Ազերպայճան արհեստածին պետութիւնը, որ սեփական ոչինչ ունէր՝ ո՛չ պատմութիւն, ո՛չ տիտղոսակիր ազգ, ո՛չ ալ Ազերպայճան անուանումը, ո՛չ սեփական տարածք, ո՛չ մշակոյթ, որպէս ազերպայճանցի ներկայացնելով տարածաշրջանի տեղաբնիկ ժողովուրդները՝ թալիշներ, ուտիներ եւ այլն։ Կեղծելով այդ ամէնը եւ փորձելով ստեղծել սեփական ազգ, ցարդ գտնուելով ինքնութեան փնտռտուքի մէջ, յօրինելով Ազերպայճանցիներու ծագումի մասին տասնեակներով վարկածներ՝ Պաքու որդեգրած է տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդներու պատմամշակութային ժառանգութեան իւրացման եւ ոչնչացման քաղաքականութիւն, որ բնականաբար, կ՚իրականացնէ նաեւ Հայութեան նկատմամբ, որ ըլլալով տարածաշրջանի տեղաբնիկ ժողովուրդներէն մէկը, ունենալով սեփական քաղաքակրթութիւն՝ համաշխարհային քաղաքակրթութեան մաս կը կազմէ”,- Panorama.am-ի հետ զրոյցին ըսած է Ավանէսով։
Ան նշած է, որ Ազերպայճանի՝ պատմութիւնը կեղծելու քաղաքականութեան առանցքին կը գտնուի հայկական մշակութային ժառանգութեան աղուանականացումը, որ ձեւաւորուած է 1960-ական թուականներէն իսկ. “Եթէ այդ ժամանակ իբրեւ աղուանական կը ներկայացնէին Արցախի շարք մը պատմաճարտարապետական յուշարձանները՝ Գանձասարը, Ամարասը, Յակոբավանքը, Ծիծեռնավանքը, ապա այժմ Ազերպայճանի պետական քարոզչամեքենան աղուանական կը ներկայացնէ ոչ միայն ամբողջ Արցախի տարածքին գտնուող պատմաճարտարապետական բազմաթիւ յուշարձանները, այլ նաեւ աղուանական կը համարէ Ախթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին, նոյնիսկ Վրաստան գտնուող շարք մը հայկական եկեղեցիներ, բնականաբար, նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին գտնուող պատմաճարտարապետական յուշարձանները”։
Ավանէսով ըսած է, որ վերջերս ազերպայճանական տարբեր հարթակներու վրայ հրապարակուեցան Տաթեւի վանական համալիրի պատկերով լուսանկարներ, որոնց վրայ գրուած է, որ ան «աղուանական մշակութային ժառանգութեան բաղկացուցիչ մէկ մասն է»։
Ահաւասիկ նմուշ մը վերջին շրջանին ազերպայճանական ընկերային ցանցերու վրայ շրջող ստայօդ քարոզչութենէն։
Նկարին վրայ գրուած է. «Աղուան. Տաթեւի վանք. Զանգեզուրի հատուած. Գորիսի շրջան. Տաթեւ քաղաք. Արեւմտեան Ազերպայճան»։ Հետաքրքրական է նկատել, թէ դեռ չեն հասցուցած «վանք» բառը ազերպայճանականացնելու,
քանի որ իրենց լեզուով գրուածին մէջ ալ պահպանուած է «վանք» բառը։
“Բնականաբար, իրականութեան մէջ Տաթեւի վանական համալիրը հայկական պատմաճարտարապետական յուշարձան մըն է եւ բազմաթիւ փաստեր կան, որ յուշահամալիրը հայկական է եւ որեւէ առնչութիւն չունի աղուանականի հետ։ Այդ մասին կը շեշտեն ոչ միայն հայ, նաեւ օտար հեղինակներ։
Յատկանշական է, որ Տաթեւի վանական համալիրը ոչ միայն ինքնատիպ մանրամասնութիւններով պատմաճարտարապետական յուշարաձան մըն է, այլ նաեւ ռազմավարական կարեւոր դիրք կը գրաւէ. օրին ան եղած է տարածաշրջանի կրթական, հոգեւոր մեծագոյն կեդրոններէն մէկը։ Այդ է նաեւ պատճառը, որ Ազերպայճան այդ վանական համալիրը կը ներկայացնէ իբրեւ աղուանական։
Եթէ այլ տեսանկիւնէ ալ դիտելու ըլլանք կը նկատենք, որ Տաթեւի վանական համալիրը կը գտնուի Սիւնիքի տարածքին մէջ եւ մեր հայրենիքի այդ հատուածը Ազերպայճանի քարոզչամեքենան կը ներկայացնէ իբրեւ «Զանգեզուրի միջանցք»։ Աղուանական ներկայացնելու միւս կարեւոր թեզն ալ այն է, որ այդ քայլով Ազերպայճան անգամ մը եւս տարածքային յաւականութիւն ունի ամբողջ Սիւնիքի նկատմամբ։ Այս համածիրին մէջ Ազերպայճան Տաթեւի վանական համալիրը կը ներկայացնէ որպէս աղուանական՝ իբրեւ թէ այդպէսով փորձելով ապացուցել, որ այդ վանական համալիրը քանի որ աղուանական է, հետեւաբար կը համարուի «պատմական ազերպայճանական տարածք»։
Տաթեւի վանական համալիրը որեւէ առնչութիւն չունի Ազերպայճան արհեստածին կազմաւորման հետ, քանի որ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող բնակավայրը չի կրնար պատկանիլ ընդամէնը 1918-ին քարտէսի վրայ ձեւաւորուած ցեղասպան արհեստածին պետութեան”,– շեշտած է Ավանէսով։
Ազերպայճանագէտը այլ օրինակ մըն ալ ներկայացուցած է. “Թշնամի պետութեան տարածքային նկրտումներու հաւաստիք եւ որպէս այլոց պատմաճարտարապետական յուշարձանները գրպանելու մակաբուծային քաղաքականութիւն կը հանդիսանայ Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարի նկատմամբ ազերպայճանական յաւակնութիւնները։ Ոչ միայն ազերպայճանական տարբեր ընկերային հարթակներ Էջմիածնի Մայր տաճարը կը ներկայացնեն իբրեւ աղուանական մշակութային ժառանագութիւն, այլ նաեւ Ազերպայճանի դպրոցական դասագիրքերուն մէջ ալ այդպէս կը նշուի”։
“Արհեստածին կազմաւորումը նաեւ Հայաստանի ամբողջ պատմաճարտարապետական յուշարձանները կը ներկայացնէ Ազերպայճանին պատկանող եւ այդ մասին կը հրատարակուին տարբեր լեզուներով գիրքեր։ Անոնցմէ մէկը այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճանի պատմաճարտարապետական յուշարաձաններ» աշխատութիւնն է, որու կողքին վրայ նոյնիսկ Գառնիի հեթանոսական տաճարը կայ։
Սա հայկական պատմաճարտարապետական յուշարձաններու եւ հայկական մշակութային ժառանագութեան իւրացման՝ Ազերպայճանի պետական քաղաքականութեան յաջորդական «ապացոյցներէն» մէկն է։ Այսպիսի «ապացոյցներ» տասնեակներով կան, որոնք կը խօսին նման թեզերով «պատմական հիմքեր» ստեղծելու եւ անոնց վրայ յենլով՝ «տեսէ՛ք, այս բոլորը փաստեր են, որոնք ցոյց կու տան, որ Հայաստանի տարածքը մեր պատմական տարածքն է» քարոզելու Ազերպայճանի նպատակին մասին ”,– եզրափակած է Յովիկ Ավանէսով։
* * *
Մեր կողմէ ալ որպէս եզրափակիչ խօսք աւելցնենք, որ վերջին շրջանին յատկապէս ընկերային ցանցերու հայկական օգտատէրերու տարածած հետեւեալ բանաձեւումը այնքան խօսուն է այս բոլորին մասին. «Նոյնիսկ Գոգա-Գոլան՝ Ազերպայճանէն հին է»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։