Search
Close this search box.

Ազերպայճանցի դատախազները Ռուբէն Վարդանեանի դէմ շուրջ 45 յօրինուած նոր մեղադրանք առաջադրած են

 

Ազերպայճանի դատախազները Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ շուրջ 45 յօրինուած նոր մեղադրանքներու թղթածրար ներկայացուցած են։ Լուրը կը հաղորդէ Վարդանեանի փաստաբաններու խումբը, ընդգծելով թէ այդ մեղադրանքներով անոր կը սպառնայ ցկեանս բանտարկութիւն։

Ռուբէն Վարդանեանի դէմ ներկայացուած նոր մեղադրանքները կ՚առնչուին Ազերպայճանի Քրէական օրէնքի 20 տարբեր յօդուածներու յատկանիշերու։ Շինծու ապացոյցները ներկայացուած են 100 հատորով, ընդհանուր ծաւալը կը կազմէ շուրջ 25 հազար էջ, ամբողջը՝ ազերպայճաներէն:

Ենթադրեալ «ապացոյցները» ամբողջութեամբ թաքցուած են թէ՛ Վարդանեանէն, թէ՛ հանրութենէն՝ այն պատճառաբանութեամբ, որ այդ մեղադրանքները կը վերաբերին «Ազերպայճանի ազգային անվտանգութեան»: Ազերպայճանական կողմը, միաժամանակ, մերժած է Վարդանեանին եւ անոր փաստաբանին տրամադրել «ապացոյցներու» պատճէնները։ Անոնց կ՚արտօնուի նիւթերուն ծանօթանալ առանց պատշաճ թարգմանութեան, սահմանափակ ժամանակի ընթացքին, սակայն «ազգային անվտանգութեան նկատառումներով»՝ անոնք զրկուած են որեւէ նշում կատարելու կարելիութենէ։

«Այս մեղադրանքները Ազերպայճանի ստանձնած միջազգային իրաւական պարտաւորութիւններու կոպիտ խախտում են։ Մեղադրանքներու այդ երկար շարանը՝ ակնյայտօրէն գռեհիկ փորձ մըն է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Պաքուի վարչակազմի ըրած ամէն ինչի պատասխանատւութիւնը բարդել Ռուբէն Վարդանեանի վրայ։ Աւելի՛ն, Ազերպայճանի մերժումը՝ հրապարակելու Վարդանեանի դէմ ուղղուած բոլոր մեղադրանքները եւ այսպէս կոչուած ապացոյցները, կը վերահաստատէ, որ անոնք քաղաքական դրդապատճառներ ունին: Այդ վարչակազմը նաեւ գիտակից է, որ որեւէ անկախ դէտ պիտի նկատէ, թէ ներկայացուած մեղադրանքներու մէջ որեւէ արժանահաւատ ապացոյց չկայ, իսկ այդ բոլորը ջուրի երես կը հանէ անոր մերկապարանոց մեղադրանքները: Այս մօտեցումը յստակօրէն ծրագրուած է, որպէսզի Ալիեւ կարենայ արդարացնել դատավարութեան քաղաքական ու գաղտնի բնոյթը, որ պիտի ըլլայ ո՛չ անկախ, ո՛չ ալ անաչառ»,– յայտարարած է Վարդանեան ընտանիքի միջազգային փաստաբան Ճերըտ Կենսեր։

Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը կոչ կ՚ուղղէ ժողովրդավար աշխարհին՝ ցոյց տալու, որ նման աղաղակող խախտումները այլեւս չեն կրնար հանդուրժուիլ, եւ ապահովել, որ միջազգային կազմակերպութիւններն ու լրասփիւռները ներկայ ըլլան դատավարութեան։

«Հօրս դէմ ներկայացուած այս վերջին մեղադրանքները արդարադատութեան ծաղր են եւ COP29-ի ձախողումներու հատուցում։ Ռուբէն Վարդանեան երեք ամիս վարած է Արցախի Պետական նախարարի պաշտօնը, մինչ ան կը փորձէր ընկերային կենսական ծրագրերու միջոցով բարելաւել Արցախի ժողովուրդին կեանքը: Ցաւօք, ատոր դիմաց ան կանգնած է ցկեանս ազատազրկման սպառնալիքի առջեւ՝ աշխարհի ամէնէն եղծանուած վարչակազմերէն մէկուն կողմէ։ Անոր ձերբակալութիւնը եւ առաջադրուած կեղծ մեղադրանքները ազդանշան են ամբողջ աշխարհի հայերուն, թէ ո՛չ ոք ապահով է: Աւելի քան երկու տարի է մենք կարելիութիւնը չունինք հանդիպելու հօրս հետ։ Մտավախութիւնն ունինք, որ թերեւս այլեւս չկարենք զինք տեսնել, եթէ ժողովրդավար աշխարհը միջոցներու չձեռնարկէ այս անհեթեթութեան վերջ տալու համար»,– ըսած է Ռուբէն Վարդանեանի որդին՝ Դաւիթը: