Search
Close this search box.

Ազերպայճանցիները կրակած են ԵՄ-ի դէտերուն եւ անոնց կառքերուն ուղղութեամբ

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) դիտորդական առաքելութիւնը հաստատած է, որ իրենց դէտերու հսկողութեան ընթացքին սահմանին կրակոցներ արձակուած են։ Այս մասին Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը X-ի իր էջին գրած է.

«Մենք կը հաստատենք, որ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան խումբը ներկայ եղաւ մեր պատասխանատւութեան գօտիին մէջ կրակոցներու միջադէպին։ Որեւէ դէտ չէ տուժած»։

Նշենք, որ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը Օգոստոս 15-ին հաղորդագրութիւն մը հրապարակած էր շեշտելով թէ Ազերպայճանցիները կրակած են Վերին Շորժայի հատուածին մէջ գտնուող Եւրոպական Միութեան դէտերուն եւ անոնց կառքերուն ուղղութեամբ։

Անկէ ետք, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը նախ հերքած էր Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, սակայն կարճ ժամանակ ետք, երբ համացանցին մէջ հրապարակուած էր Նախարարութեան հաղորդագրութիւնը հաւաստող տեսանիւթը, ջնջած էր հերքող գրառումը։