Սեպտեմբեր 16-ին, Ջերմուկի մէջ դեսպաններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպումին, Հայաստանի Զինուած ուժերու սպայակոյտի պետ Էդուարդ Ասրեան տեղեկացուցած է, թէ Ազերպայճանցիները մասնատած են կին զինուորը եւ կտրած՝ ոտքերն ու մատները։
«Ձեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրեմ Ազերպայճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու, անոնց զինուորներու վայրագութիւններուն վրայ, զորս գործած են մեր մարտական դիրքերուն մէջ, մեր զինուորներու, նոյնիսկ կին զինուորներու նկատմամբ: Եւ այդ նկարները, տեսանիւթը իմ հեռաձայնին մէջ ունեմ, զոր նաեւ կրնամ ցոյց տալ: Հոն կան այնպիսի վայրագութիւններ, որ մարդիկ թերեւս չդիմանան դիտելու: Ես ցոյց կու տամ այդ տեսահոլովակը, որուն համար բառ չեմ գտներ նկարագրելու, թէ ինչպէ՛ս կը մասնատեն կին զինուորը, կը կտրեն ոտքերը, մատները, կը մերկացնեն, եւ այդ՝ վայրագութեան վերջին աստիճանն է:
Ո՛չ մէկ պետութեան ռազմական ուժ, զօրք, իրաւունք ունի հակառակորդի նկատմամբ նման վայրագութիւններ ցուցաբերելու, այդ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտում է”,– ըսած է Ասրեան:
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարները Սեպտեմբեր 16-ին կ՚այցելէին Ջերմուկ` ծանօթանալու ազերպայճանական ռազմական գործողութիւններու հետեւանքներուն:
Նոյն հանդիպումին, Ասրեան նշած է, թէ Ջերմուկը ա՛յն ուղղութիւնն է, ուր հակառակորդը իր յարձակումներով ունեցած է որոշ յաջողութիւններ եւ բռնագրաւած՝ Հայաստանի 8,5 քիլոմեթր լայնքով, մինչեւ 7,5 քլմ. խորութեամբ ինքնիշխան տարածք:
“Այդ բռնագրաւումը կատարուած է խումբերով, ջոկատներով, որոնցմէ որոշներ կը գտնուին մեր ստորաբաժանումներու անմիջական հսկողութեան տակ, նաեւ շրջափակման մէջ։ Ներկայ դրութեամբ Ազերպայճանի զինեալ խումբերը կը գտնուին Ջերմուկէն 4,5 քմ. հեռաւորութեան վրայ”,– ըսած է Հայաստանի սպայակոյտի պետը, աւելցնելով թէ՝ մինչեւ ռազմական գործողութիւններու սկիզբը՝ հակառակորդը կը գտնուէր Ջերմուկէն 11-12 քմ. հեռաւորութեան վրայ։
“Միւս՝ հինգ ուղղութիւններով ազերպայճանական զինուած ուժերու յաջողութիւնները բաղդատելի չեն Ջերմուկի ուղղութեամբ ներթափանցման խորութեան հետ, սակայն նաեւ կան 1-2 քմ. ներթափանցումներ՝ Ներքին Հանդի ուղղութեամբ. անոնք դիրքային որոշ առաւելութիւն ձեռք բերած են Շորժաներու ուղղութեամբ: Մնացեալ հատուածներուն մէջ յաջողեցանք հակառակորդը ետ շպրտել: Իշխանասարի ուղղութեամբ ալ հակառակորդը շուրջ կէս քմ. խորութեամբ յաջողած է յառաջանալ”,– տեղեկացուցած է Էդուարդ Ասրեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։