Search
Close this search box.

Ազնաւուրի մասին պատմող « Monsieur Aznavour » ֆիլմին հայաստանեան անդրանիկ ցուցադրութիւնը

Նոյեմբեր 17-ին, «Մոսկուա» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած է  « Monsieur Aznavour »-ի հայաստանեան անդրանիկ ցուցադրութիւնը, ֆիլմին ստեղծագործական կազմին մասնակցութեամբ։ Ներկայ եղած են նաեւ Ազնաւուրի զաւակները՝ Քաթիա եւ Նիքոլա, որոնք յատկապէս ընդգծած են սոյն ժապաւէնին Հայաստանի մէջ ցուցադրութեան կարեւորութիւնը։

Քաթիա Ազնաւուր նշած է, թէ հայրը վստահաբար պիտի սիրէր այս ժապաւէնը, իսկ Նիքոլա ալ ըսած է, որ Թահար Ռահիմ լաւապէս կրցած է մարմնաւորել Ազնաւուրի կերպարը։

Նշենք, թէ Ֆրանսայի մէջ արդէն ժապաւէնը դիտողներու թիւը անցած է մէկուկէս միլիոնը։