Շառլ Ազնաւուրի յուշարձանին համար յայտարարուած բաց մրցոյթի դատակազմը 60-է աւելի դիմումներ ու 100-է աւելի մանրակերտերու տարբերակներէն ընտրութիւն կատարած է: Երեւանի քաղաքապետարանի մամլոյ վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Դաւիթ Մինասեանի հեղինակած «Լա Պոհեմ» ստեղծագործութիւնը շահած է մրցոյթը։ Երկրորդ տեղը կը գրաւէ Արմենակ Վարդանեանի քանդակը, որ խրախուսական դրամական պարգեւի կ՚արժանանայ:
Նշենք, թէ յուշարձանը պիտի տեղադրուի Երեւանի՝ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։