Search
Close this search box.

ԱԺ-ն վաւերացուցած է սահմանի զատման յանձնախումբերու կանոնակարգը

 

Հոկտեմբեր 23-ին, Ազգային ժողովը (ԱԺ) ընդունած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ սահմանի զատման յանձնախումբերու կանոնակարգը վաւերացնող օրէնքի նախագիծը։

Օրինագիծը որդեգրուած է Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան 67 թեր ձայներով։

Ընդդիմութիւնը չէ մասնակցած այս հարցի քննարկման եւ քուէարկութեան։

Հայաստանի եւ Ազերպայճանի սահմանի զատման յանձնախումբերու միասնական գործունէութեան կանոնակարգը ստորագրուած էր 2024 Օգոստոս 30-ին: Սեպտեմբեր 5-ին կառավարութիւնը քննարկած եւ հաստատած էր կանոնակարգը՝ զայն ուղարկելով Սահմանադրական դատարան։ Վերջինն ալ Սեպտեմբեր 26-ին կանոնակարգը Սահմանադրութեան համապատասխան ճանչցած էր: ԱԺ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբն ալ Հոկտեմբեր 21-ին դրական գնահատած էր նախագիծը եւ ներկայացուցած խորհրդարանի վաւերացման։