Նոյեմբեր 28-ին, «Ազատութիւն» լրասփիւռի հարցումին, թէ արդեօք Արցախի հարցը փակուա՞ծ է, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան պատասխանած է, ըսելով. “Ղարաբաղի ինքնորշման իրաւունքի հարց Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր չունի։ Հայաստան այսօր լիակատար ճանաչում է Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղը մէջը”։ Ան անկարելի համարած է, – գոնէ մօտ ժամանակաշրջանին, – որ Հայերը վերադառնան Ստեփանակերտ, Շուշի, Պաքու։
Սիմոնեան յոյս յայտնած է, որ «գալու է ժամանակ, որ Հայերն ու Ադրբեջանցիները ապրեն իրար կողք, առեւտուր անեն։ Չեմ բացառում, որ ինչ-որ Ադրբեջանցիներ կարող է որոշ ժամանակ անց գան եւ այստեղ բնակութիւն հաստատեն»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։