Search
Close this search box.

Ալէն Սիմոնեան յայտարարած է Հայաստան-Արցախ միջխորհրդարանական յանձնաժողովը լուծարքի ենթարկելու եւ Արցախի ներկայացուցչութեան շէնքի նշանակութիւնն ալ վերանայելու մասին

Սեպտեմբեր 9-ին, Ազգային ժողովի (ԱԺ) նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտարարած է, թէ «պէտք է լուծարքի ենթարկել Հայաստան-Արցախ միջխորհրդարանական յանձնաժողովը, ինչպէս նաեւ վերանայիլ Երեւանի մէջ Արցախի ներկայացուցչութեան շէնքի նշանակութիւնը», ընդգծելով թէ՝ «իրաւական առումով Լեռնային Ղարաբաղ միաւորում եւ ԼՂ պաշտօնեայ այլեւս գոյութիւն չունին»։

Հակադարձելով Սիմոնեանի նշեալ յայտարարութեան՝ ընդդիմադիր երեսփոխան Արծուիկ Մինասեան նշած է. «Արցախի գոյութեան իրաւական փաստը առկայ է ոչ միայն Հայաստանի բազմաթիւ օրէնքներու, այլեւ միջազգային պայմանագրերու մէջ եւ անձը չէ որ պիտի փորձէ վերացնել կամ չվերացնել զայն, հաստատութիւններ կան ատոր համար։ Արցախի Ազգային ժողովը ընտրուած է Արցախի ժողովուրդին կողմէ հինգ տարուան համար եւ դուք իրաւասու չէք զայն չեղեալ համարելու»։

Իր կարգին, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնակատար Գագիկ Բաղունց յայտարարած է, թէ Ազերպայճանի կողմէ ցեղային զտման ենթարկուելէ ետք, Արցախի ԱԺ պաշտօնեաները/երեսփոխանները/ պատասխանատու են արցախահայութեան ճակատագրին համար եւ կարելի բոլոր ջանքերը կը գործադրեն անվտանգութեան երաշխիքներու ներքոյ ապահովելու անոնց հաւաքական վերադարձը՝ հայրենիք: Ան նաեւ ընդգծած է, թէ Արցախի ԱԺ միջխորհրդարանական ու բարեկամական խումբերու աշխատանքներն ու յարաբերութիւնները կը շարունակուին Ֆրանսայի, Կիպրոսի, Յունաստանի, Պելճիքայի եւ այլ երկիրներու խորհրդարանականներուն եւ խումբերուն հետ։

Սիմոնեանի յայտարարութիւններուն անդրադառնալով, Արցախի ԱԺ երեսփոխան Արթուր Մոսիեան ալ նշած է հետեւեալը.

«Այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ Հայաստանի իշխանութիւնները Ազերպայճանէն աւելի շատ շահագրգռուած են Արցախի էջը փակելով։ Նողկալի է դիտել՝ Ալիեւին բարեխօսելու նպատակով ինչպիսի քամահրանքով կը խօսին Արցախի իշխանութիւններուն, պետական հաստատութիւններուն մասին երկրի բարձրագոյն ամպիոնէն, երբ Հայաստան պէտք է հանդիսանար Արցախի երաշխաւորը եւ Արցախի իշխանութիւններուն հետ միջազգային հարթակներու վրայ պայքար մղէր անոր իրաւունքներու վերահաստատման համար։

Սա առաջին անգամը չէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները աւելի ազերպայճանամէտ կեցուածք կը դրսեւորեն, քան ազերպայճանական իշխանութիւնները։ Իշխող քաղաքական խումբը կարծէք թէ պարտաւորութիւններ ունի ազերպայճանական ղեկավարութեան հանդէպ եւ առիթը չի փախցներ անոնց հաճոյանալու համար՝ կրկին անգամ արցախցիներու բաց վէրքին աղ ցանելով»։