Դեկտեմբեր 4-ին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ ընթացող «Վերադարձի իրաւունքը. զարգացնել արդարադատութիւնը Հայաստանէն վտարուած ազերպայճանցիներու համար» երկրորդ համաժողովին յղած իր ուղերձին մէջ յատկապէս ընդգծած է. “Հայաստան կը հերքէ ազերպայճանցի ժողովուրդի դարաւոր ներկայութիւնը իր պապենական հողերուն վրայ”։ Պաքուի բռնապետը խօսած է նաեւ «“Արեւմտեան Ազերպայճան”-ի պատմական յուշարձաններու, գերեզմանատուներու, մզկիթներու եւ հնագոյն բնակավայրերու ոչնչացման մասին»։
“Տարածաշրջանի պատմութեան ու մշակոյթին խեղաթիւրման եւ վերաշարադրումին ուղղուած այս աւերիչ գործողութիւնները անհանդուրժողականութեան եւ ցեղապաշտութեան դրսեւորումներ են”,– ըսած է ան։
Ազերպայճանի ղեկավարը Հայաստանի տարածքին մէկ մասը կ՚անուանէ «Արեւմտեան Ազերպայճան» եւ ատոր վրայ կը կառուցէ պետական քաղաքականութիւն: Ամիսներ առաջ ան նոյնիսկ կը պահանջէր յստակօրէն ըսել թէ ինչպէ՞ս կրնան ազերպայճանցիները վերադառնալ «իրենց պատմական հողերը»: Մինչդեռ Հայաստանի մէջ «Արեւմտեան Հայաստան»-ի մասին կը խօսին իբրեւ պատմական յիշողութիւն, ո՛չ աւելին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։