Search
Close this search box.

Ալիեւ. «Մենք արդէն ռազմական ճանապարհով խաղաղութիւն հաստատած ենք տարածաշրջանին մէջ»

Դեկտեմբեր 6-ին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ «Ղարաբաղ. տուն վերադարձ 30 տարի ետք. նուաճումներ եւ դժուարութիւններ» խորագրով համաժողովին ելոյթ ունենալով յայտարարած է. “Մենք արդէն ռազմական ճանապարհով խաղաղութիւն հաստատած ենք տարածաշրջանին մէջ”։

“Մենք այդ ըրինք ռազմական ճամբով։ Կը կարծեմ՝ այս կէտին պէտք է առաւել ուշադրութիւն դարձնել։ Ան կը վերաբերի ոչ միայն Կովկասին։ Մենք ցոյց տուինք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է խաղաղութեան հասնիլ ռազմական միջոցներով”,– ըսած է ան։

Ընդգծելով, որ Մինսքի խումբի համանախագահները համակարծիք էին, որ այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, Ալիեւ նշած է՝ Պաքու ապացուցեց, որ երեք (ԱՄՆ, Ռուսաստան, Ֆրանսա) երկիրներն ալ սխալած էին։

“Հակառակ իրենց պատմութեան, միջազգային փորձառութեան եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին անդամակցութեան, անոնք սխալեցան, սխալ գնահատական տուին, պատգամ յղելով Ազերպայճանին, որ եթէ փորձես ռազմական ճամբով հակամարտութիւնը լուծել, չես կրնար։ Բայց մենք ապացուցեցինք, որ այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում ունի։ Այս հակամարտութիւնը լուծուեցաւ երեք տարի առաջ”,– յայտնած է Ազերպայճանի ղեկավարը։

«Վերահամարկման Պաքուի առաջարկները տակաւին ի զօրու են»

Ալիեւ նոյն համաժողովին նաեւ յայտարարած է, թէ «Վերահամարկման Պաքուի առաջարկները տակաւին ի զօրու են, եւ ընդունելութեան կայքէջը կը գործէ։

“Երկուքուկէս տարի առաջ, երբ վերականգնեցինք մեր ինքնիշխանութիւնը, տեսանք, թէ Ղարաբաղի մէջ հայկական մեծ զօրախումբ կայ, որ կ՚անտեսէ միջազգային իրաւունքի բոլոր սկզբունքները”,– ըսած է ան։

Խօսելով Արցախի Հայերու ճակատագրին մասին՝ Ալիեւ նշած է. “Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի աւարտէն ետք Պաքուի կեցուածքը յստակ էր՝ կա՛մ անոնք կը դառնան Ազերպայճանի քաղաքացի,– եւ անոնց համար ստեղծուած են բոլոր իրաւական դաշտերը,– կա՛մ բնակութեան այլ վայր կ՚ընտրեն։

Լաչին վերադարձած բնակիչներուն հետ հանդիպիպումին ես ըսի, որ եթէ անջատողական առաջնորդները յանձնուին, ապա անոնց նկատմամբ կրնայ համաներում կիրարկուիլ։ Ցաւօք սրտի, իմ խօսքերը դարձեալ պատշաճ կերպով չգնահատուեցան։ Այսօր անջատողականներու առաջնորդները Ազերպայճան կը գտնուին։ Անոնք մեզի կը սպառնային, որ հրասայլերով կու գան Ազերպայճան եւ Պաքու։ Այսօր անոնք Պաքուի մէջ կը սպասեն մեր դատական համակարգի վերջնական վճիռին”,– յայտնած է ան։

Անդրադառնալով Արցախի Հայերու հետ բանակցութիւններուն, Ազերպայճանի նախագահը նշած է. “Անոնք հրաժարեցան Եւլախի մէջ հանդիպումէ, իսկ սեպտեմբերեան դէպքերէն ետք իրենք երկու անգամ եկան այնտեղ։ Մեր ներկայացուցիչներու եւ Ղարաբաղի Հայերու ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումին մենք առաջարկեցինք վերահամարկման գործիքակազմեր, սակայն թէ՛ Հայաստանի կառավարութիւնը, թէ՛ անջատողականներու առաջնորդները, որոնք այժմ Պաքուի բանտերուն մէջ կը սպասեն դատավարութեան, հեգնանքով ընդունեցին վերահամարկման մասին իմ խօսքերը”։