Search
Close this search box.

Ալիեւ. «Սահմանի զատումը կ՚իրականացուի մեր պայմաններուն հիման վրայ եւ սա մեր յաջորդական յաղթանակն է․ այդպէս ալ պիտի շարունակուի»

Ազերպայճանական «ԱՓԱ» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ նախագահ Ալիեւ Մայիս 10-ին բռնագրաւուած Շուշի փոխադրուած առաջին բնակիչներուն բնակարաններու բանալիներու յանձնման արարողութեան ընթացքին յայտարարած է, թէ «Հայաստանի հետ սահմանի զատումը կ՚իրականացուի մեր պայմաններուն հիման վրայ, եւ սա մեր յաջորդական յաղթանակն է»։

“Այսօր 1990 եւ 1992 թուականներուն գրաւուած Ղազախի հողերը կը վերադարձուին մեզի առանց կրակոց մը արձակելու։ 

Այսօր մեր մէկ խնդրանքով Ղազախի չորս գիւղ կը  վերադարձուի։ Այդպէս ալ պիտի շարունակուի:

Այստեղ խօսելու իրաւունքը մեզի կը պատկանի, մենք Կովկասի առաջատար պետութիւնն ենք, մենք առաջատար պետութիւն ենք տնտեսական, քաղաքական, ռազմական առումներով, բոլոր առումներով, բոլորը պէտք է հաշուի նստին մեզի հետ։

Թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ անոր ետին կանգնած արտաքին շրջանակները կը զղջան, եթէ մեզ հաշուի չառնեն”,– ընդգծած է ան։