Search
Close this search box.

Ալիեւի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ. «Ազերպայճան մտադիր է որոշել Հայաստանի հետ պետական սահմանը»

Ըստ ազերպայճանական լրասփիւռներու՝ Մայիս 24-ին Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած է, թէ իր երկիրը մտադիր է որոշել Հայաստանի հետ պետական սահմանը՝ շեշտելով, թէ «Լաչին տանող ճամբան շատ մօտ է Հայաստանի հետ սահմանին։ Հաքարի գետի հակառակ կողմէն կը տեսնենք Հայաստանի սիւներն ու դրօշները»։

Ան աւելցուցած է, թէ «խաղը աւարտած է, հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ ի յայտ եկած են նոր իրողություններ»։ Հաճիեւ խոստովանած է, թէ Ազերպայճանի գլխաւոր նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւումն ու այնտեղէն աւելի քան 100 հազար հայերու արտաքսումն էր։ Ան իրենց այս արարքները «տարածքային ամբողջականութեան վերականգնում» անուանած է։