Յուլիս 11-ին, «Առաջին ալիք»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին՝ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ յայտարարած է, թէ Փաշինեան-Էրտողան հեռաձայնային զրոյցը եւս կարեւոր քայլ մըն է յարաբերութիւններու կարգաւորման համածիրին մէջ։ Ան ըսած է, թէ կողմերը արծարծած են այն հարցերը, որոնք քննարկուած են Ռուբինեան-Քըլըչ հանդիպման ժամանակ, օրինակ՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար սահմանի բացումը։ Գրիգորեան համոզում յայտնած է, որ հետագային կարելիութիւն կը ստեղծուի սահմանը բանալու նաեւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ քաղացիներուն համար, ընդգծելով, որ յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին առանց նախապայմանի։ “Չգիտեմ, ընդդիմութիւնը որտեղի՞ց է յայտարարութիւն տարածում նախապայմանների մասին։ Կեղծ լուր է, թէ մենք իբր նախապայման ենք դրել, չկայ որեւէ նախապայման”։
Հարցումին, թէ Թուրքերը միշտ կը շեշտեն, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու որեւէ քայլ նախ կապուած է Ազերպայճանի հետ յարաբերութիւններուն, ԱԽ-ի քարտուղարը պատասխանած է․-
“Մենք քննարկում ենք, որպէս երկկողմ յարաբերութիւն, մեր մօտեցումն այն է, որ ՀՀ-Թուրքիա յարաբերութիւնները առանձին հարց է։ Մինչեւ հիմա նախապատրաստական մեծ ծաւալի աշխատանք է կատարուել։ Յոյս ունենք, որ համաձայնութիւնները շատ կարճ ժամանակում հնարաւոր կը լինի կեանքի կոչել։ Յոյս ունենք, որ յարաբերութիւնների կարգաւորման շրջանակում կը կարողանանք սահմանը բացել ՀՀ եւ Թուրքիայի քաղաքացիների համար”։
Ան յոյս յատնած է, որ Փաշինեան-Էրտողան հեռառաձայնային զրոյցէն յետոյ, հանդիպումներ տեղի կ՚ունենան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։