Search
Close this search box.

Ակնայի ճանապարհի օգտագործման հարցով՝ Անգարայի անսակարկ զօրակցութիւնը Պաքուին

Օգոստոս 14-ին, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ Բերձորի միջանցքին առնչուող զարգացումներու ուղղութեամբ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր Հայաստանին կոչ կ՚ընէ «աջակցելու» Ակնայի (Աղդամ) ճանապարհի օգտագործումին, «ձեռնպահ մնալու գրգռիչ քայլերէ», ճանչնալու Ազերպայճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ «աջակցելու Ազերպայճանի ջանքերուն՝ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան համարկումի խնդրով»։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ Անգարա ուշադրութեամբ կը հետեւի Բերձորի (Լաչին) միջանցքին շուրջ քննարկումներուն եւ «կը հասկնայ այդ ուղղութեամբ Ազերպայճանի օրինական մտահոգութիւնները»։

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ պնդած է, թէ «աշխարհ անհիմն կերպով կը մեղադրէ Ազերպայճանը Բերձորի միջանցքի հարցին մէջ», շեշտելով որ «Բերձորը Ազերպայճանի տարածքն է եւ զայն ինչպէս կ՚ուզէ կ՚օգտագործէ»։