Արցախի տեղեկատուական կեդրոնի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեան լուսանկարներ հրապարակած է Աղաւնոյ գիւղէն, կից՝ հետեւեալ գրառումով.-
«Գիւղ Աղաւնոյ.
Բարեւ ձեզ երեխաներ։ Ի՞նչ առիթով էք հաւաքուել։
– Երէկ (Օգոստոս 5-ին) իմացանք, որ մի քանի օրից պէտք է գնանք ուրիշ տեղ ապրելու։ Հաւաքուել ենք գիւղի երեխաներով իրար հրաժեշտ տալու»։
Յիշեցնենք, որ Արցախի Տարածքային կառավարման ու ենթակառոյցներու նախարար Հայկ Խանումեան Աղաւնոյի եւ Բերձորի բնակիչներէն պահանջած է, որ մինչեւ Օգոստոս 25 լքեն իրենց տուները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։