Հայաստանի Ազգային շարժարուեստի կեդրոնէն կը տեղեկացնեն, թէ բեմադիր Միքայէլ Ա. Գուրջեանի «Ամերիկացի» ժապաւէնը Նիւ Եորքի Վուտսթոքի փառատօնին արժանացած է «Լաւագոյն գեղարուեստական ֆիլմ» մրցանակին։ Միեւնոյն ատեն ֆիլմի նկարահանումներու որակի պատասխանատուն (opérateur) Ղասեմ Իպրահիմեան նոյն փառատօնին ստացած է այդ մասնագիտութեան «Լաւագոյն աշխատանք» մրցանակը։
Վերջերս Համպուրկի փառատօնին, ուր ներկայացուած էին հարիւրէ աւելի ժապաւէններ, «Ամերիկացի» ֆիլմը շահած է «Հանդիսատեսի համակրանք» մրցանակը։
Ֆիլմը կը պատմէ Ցեղասպանութենէն հրաշքով ողջ մնացած եւ Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայ երիտասարդ Չարլիի մասին, որու ընտանիքը, ցաւօք, այդ ոճրագործութեան զոհ դարձած էր: Պատմութիւնը կը սկսի 1947-ին, երբ Չարլի կը վերադառնայ Հայաստան եւ դէմ-յանդիման կը գտնուի խորհրդային կարգերու դաժան իրականութեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։