Search
Close this search box.

Ամերիկեան Bloomberg-ի վերլուծաբան. «Ուքրաինայի դէմ պատերազմին յաղթողը Ազերպայճանն է»

Ամերիկեան Bloomberg-ի վերլուծաբան Մարք Չեմփիոն կը պնդէ, թէ Ռուսաստանի ներխուժումը Ուքրաինա Փութինի ծրագրածին պէս չեղաւ, եւ այդ աներեւակայելի պարգեւ մըն էր անոր բռնապետ ընկերոջ՝ Ազերպայճանի առաջնորդին համար. «Ալիեւ Ռուսաստանի պատերազմէն ետք մեծ յաղթանակներ տարաւ բազմաթիւ ճակատներու վրայ»:

«2022 Յուլիսին ան Եւրոպական Միութեան հետ պայմանագիր ստորագրեց կրկնապատկելով բնական կազի արտադրութիւնը, որու շնորհիւ քարիւղի և կազի բնագաւառին մէջ եկամուտը 2021-ի 19,5 միլիառ տոլարէն մէկ տարի ետք՝ 2022-ին, հասաւ մինչև 35 միլիառ տոլարի: Սա էական աճ կը նկատուի երկրի մը համար, որու ամավարկի միջոցներու կէսէն աւելին կը գոյանայ ուժանիւթի վաճառքէն»,– նշուած է վերլուծաբանի յօդուածին մէջ։

Բացի նիւթապէս ամրապնդուելէ, Ալիեւ իրականութիւն դարձուց նաեւ իր եւ հօր երազանքը՝ վերահսկողութեան տակ առնելով Լեռնային Ղարաբաղը։ «Երբ Հայաստանի անվտանգութեան աւանդական երաշխաւոր Ռուսաստան իր ուշադրութիւնը այլ կողմ շեղած էր, Ալիեւ վերջ դրաւ 30-ամեայ պատերազմին ու նուաստացման, եւ ան ալ այնպիսի կարճ ու փառաւոր ռազմական յաղթանակով, որ Փութին կը յուսար արձանագրել Ուքրաինայի դէմ»,– նշած է Bloomberg-ի՝ Եւրոպայի եւ Ռուսաստանի հարցերու վերլուծաբանը:

«Այս յաջողութիւններէն յետոյ՝ հիմա ալ, Ալիեւ յաղթանակած՝ կը կազմակերպէ արտակարգ նախագահական ընտրութիւն, որ տեղի կ՚ունենայ 2024 Փետրուարին»,– գրած է ամերիկացի վերլուծաբանը, պնդելով թէ ան այդ քայլին կը դիմէ, որպէսզի օգտագործելով հայրենասիրական ալիքը՝ ճամբայ բանայ իր իշխանութեան երրորդ տասնամեակին համար։

* * *

«ՆՅ» – Ամերիկացի վերլուծաբանը բաւական «խակ» հաստատումներ ունի, առանց խորանալու այս կամ այն երեւոյթին դատապարտելի հանգամանքներուն մէջ, եւ չենք ալ կրնար այդ խորացումը ակնկալել օտար յօդուածագիրէ մը, մանաւանդ որ իր եզրակցութեան ճանապարհին վրայ «մանրուքներ» ըլլալու են այդ խորացումի ենթադրած դատապարտելի կամ ողբերգական անցքերը։ Սակայն, ամէնէն ափսոսալին այն է, որ Ալիեւ միջազգային օրէնքները, վճիռները արհամարհող, զանոնք առ ոչինչ համարող, եւ ընդհանուր առմամբ իր անընդունելի վարքագծով հանդերձ, իր «յաղթանակ»-ներով դարձած է անշրջանցելի անձնաւորութիւն մը շատերու աչքին, ներառեալ վերոնշեալ տողերու հեղինակին, որ իր յօդուածին որպէս ենթախորագիր ընտրած է. «Այժմ բոլորը պէտք ունին Իլհամ Ալիեւին՝ Կովկասի հզօր մարդուն»։ 21-րդ դարուն՝ Միջին դարու բարքեր…։