Search
Close this search box.

ԱՄՆ կոչ ըրած է միաժամանակ բանալու թէ՛ Բերձորի միջանցքը, թէ՛ Ակնայէն անցնող ճամբան

 

ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրած է անմիջապէս միաժամանակ բանալու թէ՛ Բերձորի միջանցքը եւ թէ՛ Ակնայէն անցնող ճանապարհը, որպէսզի կարելի ըլլայ բեռներու՝ Արցախ փոխադրութիւնը։

Այս կապակցութեամբ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ԱՄՆ մտահոգ է Արցախի մէջ բաւական արագ վատթարացող մարդասիրական իրավիճակով։

 Նախարարութիւնը նաեւ կոչ ուղղած է երկու երկիրներու ղեկավարներուն՝ լարումը աւելի շեշտող որեւէ գործողութենէ զերծ մնալու։ ԱՄՆ անթոյլատրելի համարած է վէճերու լուծման համար ուժի կիրարկումը։