Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Յունիս 2-ին հրապարակած է «Միջազգային կրօնական ազատութեան 2021»-ի զեկոյցը:
«Ազերպայճան» գլուխին տակ, Նախարարութիւնը կը յիշատակէ ԵԽԽՎ-ի «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մարդասիրական հետեւանքներուն» վերաբերեալ բանաձեւին մէջ կառոյցին արտայայտուած մտահոգութիւնը` Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն՝ տասնեակներով հայկական եկեղեցիներու, վանքերու, ներառեալ` Դադիվանքի վանական համալիրի, խաչքարերու եւ մշակութային ժառանգութեան այլ կոթողներու ապագային նկատմամբ:
Հոն կը նշուի, թէ Պաքուի կառավարութիւնը բազմիցս մերժած է արտօնել հայ ուխտաւորներուն մուտքը Դադիվանք: Ազերպայճանցիներն ալ իրենց կարգին չեն կրցած այցելել բազմաթիւ կրօնական հաստատութիւններ` ականապատման պատճառով:
ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յիշեցնէ ԵԽԽՎ-ի բանաձեւը եւ մտահոգութիւն կը յայտնէ Ազերպայճանի՝ պետական մակարդակով զարգացող այն պատումին գծով, որ կը ձգտի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը փոխարինել «կովկասեան ալպանական» ժառանգութեամբ:
Զեկոյցին մէջ կ՚ընդգծուի, որ տարուան ընթացքին բազմաթիւ հաղորդումներ ստացուած են հայկական մշակութային եւ կրօնական կառոյցներու նկատմամբ վանդալական արարքներու, ինչպէս նաեւ հայկական ժառանգութեան նկատմամբ կառավարութեան դիտաւորեալ կերպով իրականացուող գործողութիւններուն մասին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։