Օգոստոս 1-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Վետընթ Փաթըլ՝ պատասխանելով Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու վերաբերող հարցումին յայտարարած է, թէ իր նախարարութիւնը եւ անձամբ նախարար էնթընի Պլինքըն կը շարունակեն ներգրաւուած մնալ հայ գերիներու վերադարձի շուրջ ընթացող աշխատանքներուն մէջ, միաժամանակ ընդգծելով, թէ այդ ուղղութեամբ նորոթիւն չունի։
Ասուլիսին՝ լրագրողներէն մէկը շեշտած է, թէ «արդէն չորս տարի է, որ Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած են հայ ռազմագերիներ, իսկ տարի մը առաջ ալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայ քաղաքական գործիչները»։ Ան յղում ընելով Freedom House-ին՝ նշած է թէ «Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ անցնելէ ետք Ղարաբաղի տարածքը ամէնէն անազատն է աշխարհի մէջ եւ այդ առումով կը գերազանցէ Հիւսիսային Գորէային, Վենեզուելային, Սուրիոյ եւ Աֆղանստանին»։ Լրագրողը հարցուցած է, թէ արդեօք Ուաշինկթըն կը հետեւի՞ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող կացութեան եւ թէ ԱՄՆ-ու վարչակազմը կրնա՞յ օգնել, որ Պաքուի մէջ բանտարկուած հայերը ազատ արձակուին։
“Ինչ կը վերաբերի լայն առումով Հարաւային Կովկասի իրավիճակին, ապա ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ներգրաւուած է ընթացող հոլովոյթին մէջ: Ինչ կը վերաբերի բանտարկեալներուն, մենք յստակ եւ հետևողականօրէն կը պնդենք, թէ ամէն մէկ երկիր պէտք է բոլոր բանտարկեալներու նկատմամբ յարգալից վերաբերում ցուցաբերէ՝ միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն համահունչ”,– պատասխանած է ամերիկացի դիւանագէտը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։