– Արցախէն բռնի տեղահանուածներու հրատապ կարիքներուն համար անոնցմէ իւրաքանչիւրին՝ անկախ տարիքէ, պետական ամավարկէն կը յատկացուի միանուագ 100 հազարական դրամ:
– Գանատա 2,5 միլիոն տոլար մարդասիրական օժանդակութիւն կը տրամադրէ Արցախահայութեան։ Լուրը կը հաղորդէ Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի։ Գումարը կը տրուի Կարմիր Խաչին։
– Պենզինի կայարանին մէջ տեղի ունեցած պայթումի տարածքէն յայտնաբերուած է ընդհանուր 170 աճիւն։ Փրկարարական խումբերը կը շարունակեն որոնումները։
– 2024 թուականի Հայաստանի պետական ամավարկէն նախատեսուած է 10 միլիառ դրամ յատկացնել Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն։ Լուրը կը հաղորդէ Ելեւմուտքի նախարար Վահէ Յովհաննիսեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։