Ռուբէն Վարդանեան՝ իր կնոջ եւ զաւակներուն հետ
– Իսրայէլէն բժիշկներ ժամանած են Հայաստան օգնելու պենզինի կայարանի պայթումէն տուժածներուն։
– Իրան 50 թոն մարդասիրական օգնութիւն պիտի ղրկէ Հայաստան` Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն համար՝ սնունդ, վերմակ, հագուստ եւ այլն։
– Genocide Watch. «ԱՄՆ-ու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն երկու տարի ետք, աշխարհը անտարբեր կը հետեւի, թէ ինչպէս տեղի կ՚ունենան Հայոց ցեղասպանութիւն մը եւս ու Հայերու բռնի տեղահանութիւն»։
– Ազերպայճանի գլխաւոր դատախազութիւնը աւարտած է Բերձորի միջանցքէն առեւանգուած Վագիֆ Խաչատրեանի «գործի» հետաքննութիւնը եւ նիւթերը ուղարկած է Պաքուի զինուորական դատարան։
– Ռուբէն Վարդանեանի զաւակները օգնութիւն կը հայցեն. «Մենք՝ Ռուբէն Վարդանեանի չորս զաւակներս, կը դիմենք աշխարհի առաջնորդներուն, մարդկային իրաւանց պաշտպաններուն եւ լրասփիւռներուն՝ Ազերպայճանի ապօրինի բանտարկութենէն մեր հայրը եւ բոլոր գերեվարուած Հայերը ազատելու հրատապ օգնութեան խնդրանքով։ Առեւանգումէն ի վեր մենք անոր հետ կապ չենք կրնար հաստատել եւ չափազանց մտահոգ ենք մեր հօր առողջութեամբ: Կ՚աղօթենք մեր հօր անվտանգ վերադարձին համար եւ կը հայցենք ձեր օգնութիւնը»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։