Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան արձագանգած է Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիևի՝ Արցախի վերաբերեալ յաջորդական կեղծ յայտարարութիւններուն:
Ան «Թելեկրամ»-եան իր էջին մասնաւորապէս գրած է.-
«Այո՛, Լեռնային Ղարաբաղ գոյութիւն չունի, որովհետև գոյութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութիւն, եւ դա միջազգային իրաւունքի սուբյեկտ է, թէեւ պաշտօնապէս միջազգայնօրէն ճանաչուած չէ: Ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չի կարգաւորուել եւ չի կարգաւորուի այնքան ժամանակ, քանի դեռ Ադրբեջանը հաշուի չի առել Արցախի բնիկ ժողովրդի ինքնորոշման անկոտրում իրաւունքը»:
ԱՀ Պետական նախարարը աւելցուցած է, թէ լաւ պիտի ըլլար, որ Ալիեւ աւելի շատ մտածէր Ազերպայճանի սահմանադրութեամբ իրեն վերապահուած լիազօրութիւնները բարեխղճօրէն գործադրելու մասին՝ երաշխաւորելով իր սեփական քաղաքացիներու (այդ կարգին՝ Լեզգիներու, Թալիշներու, Թաթարներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու) իրաւունքներու ապահովումը՝ Հայերու իրաւունքներու մասին «մտահոգուելու» փոխարէն։
«Միգուցէ, Ալիեւը յանկարծ յիշի, թէ ինչ է տեղի ունեցել Խորհրդային Ադրբեջանում աւելի քան 500.000 Հայերի հետ, թէ Ադրբեջանի կողմից բռնագրաւուած Արցախի տարածքներում կա՞յ թէկուզ մէկ Հայ»,– ընդգծած է Բեգլարեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։