Հայաստանի ու Արցախի ներքին քաղաքականութիւնը, պատերազմի սպառնալիքները, հայ գերիներն ու պատանդները, Արցախի գաղթականները, աշխարհաքաղաքական անկայունութիւնը, կլիմայի պաշտպանութիւնը… ազգային ու միջազգային տագնապներ ու խնդիրներ պատճառ դարձեր էին մոռնալու, որ քաղաքականութեան, ընկերային ու տնտեսական հարցերու կողքին կայ նաեւ մշակութային կեանք, կան մշակութային գործիչներ ու արուեստագէտներ, որոնք աշխատանք կը տանին միջազգային ու ազգային տագնապներու պայմաններու մէջ, կ՚արծարծեն հարցեր, ազգայի՛ն ու համամարդկայի՛ն հարցեր… առիթ կ՚ընձեռեն աշխարհը այլ դիտանկիւնէ ընկալելու։
«Շաբաթավերջ մը արեւելեան կողմն աշխարհի» Արեւելք-Արեւմուտք մշակոյթներու փառատօնին 8-րդ շրջանը նուիրուած էր Երեւանին, անոր մշակութային կեանքին, գեղարուեստական արտադրութեան, հայկական Սփիւռքի՝ ընդհանրապէս բնիկ երեւանցի կարգ մը արուեստագէտներու աշխատանքին։ Անակնկալ փառատօն մը, որուն կազմակերպիչները նախապէս ծրագրած էին զայն նուիրել Լիթվանիոյ, սակայն անցեալ տարուան Սեպտեմբերին Ազերպայճանի կողմէ իրագործուած Արցախի ցեղային զտումը, մղած է զիրենք այս՝ 8-րդ փառատօնը նուիրել հայկական մշակոյթի յայտնաբերման։
Անցեալ Չորեքշաբթի, «Ալիանս Ֆրանսեզ»-ի թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը «Շաբաթավերջ մը արեւելեան կողմն աշխարհի» փառատօնին, կնքահայրութեամբ Անտրէ Մանուկեանի,– որուն ի մի բերած երաժշտական խումբը փառատօնին բացումը կատարեց,– եւ կնքամայրութեամբ՝ պարուսոյց Ռիմա Պիպոյեանի, որ Հայաստանի առաջին ժամանակակից պարային խումբին հիմնադիրը կը հանդիսանայ։
Տասնօրեայ ձեռնարկներու ճոխ, բազմազան ու շլացուցիչ համախմբում մը, որ Նոյեմբեր 20-30 Փարիզը դարձաւ հայկական մշակոյթի կեդրոն։ «Շաբաթավերջ մը արեւելեան կողմն աշխարհի» փառատօնի հիմնադիրներուն առանցքային նպատակն է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ հանդիպումներ հիւսել արուեստի ու մշակոյթի բազմազան արտայայտչաձեւերու միջոցով, յայտնաբերելու համար մշակոյթ մը, որ ինքնին դարեր շարունակ Արեւելքի ու Արեւմուտքի հանդիպումի ու բախուներու վայրը հանդիսացած է ու կը մնայ։ Յիսունէ աւելի ձեռնարկներ՝ երաժշտութիւն, պար, ցուցահանդէս, շարժարուեստ, թատրոն, գրականութիւն, բանախօսութիւն, կլոր սեղան, հարիւրէ աւելի արուեստագէտներու, մտաւորականներու մասնակցութեամբ, նուիրուած հայկական արուեստին, անոր արտայայտութեան, Փարիզի 50-է աւելի մշակութային կեդրոններու մէջ։ Երկինքէն ինկած նուէր. բնաւ սովոր չենք նման գեղարուեստական մթնոլորտ մը ապրելու ու վայելելու, նոյնիսկ՝ Երեւանի մէջ։
«Շաբաթավերջ մը արեւելեան կողմն աշխարհի» փառատօնի ճոխ ծրագրաւորումը կը պարտինք մասնագիտացած ու նուիրեալ կազմակերպիչ յանձնախումբի մը։ Հակառակ ընկալեալ կարծիքներու՝ կառավարական նախաձեռնութիւն չէ, այլ՝ անհատական, որուն համահիմնադիրն է Վերա Միխալսքի-Հոֆման, տասնեակ մը հրատարակչատուներու տէր, որ յատուկ ուշադրութիւն կ՚ընծայէ արեւելեան Եւրոպայի գրական ու գեղարուեստական ասպարէզներուն՝ ի յիշատակ իր ողբացեալ ամուսնոյն՝ ծագումով լեհ Իան Միխալսքիի։
Երեւանի մէջ պարբերաբար կը կազմակերպուին ֆրանսական, գերմանական, ամերիկեան մշակոյթի օրեր, տեղւոյն դեսպանատուներու նախաձեռնութեամբ եւ գանձատրումով։ Փարիզի «Շաբաթավերջ մը արեւելեան կողմն աշխարհի» փառատօնի անակնկալը մեծ էր ու խանդավառող, մա՛նաւանդ պատերազմի սպառնալիքի տակ ապրող ժողովուրդի մը համար։ Փարաճանովի, Փելեշեանի, Ազնաւորի եւ այլ ճանչցուած արուեստագէտներու երկերու կողքին նորերու գործերուն յայտնաբերումը Հայաստանի երիտասարդութեան կենսունակութեան դրսեւորումն է, ապագայի հանդէպ անոր վստահութեան արտայայտութիւնը։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։