Search
Close this search box.

Անահիտ Մանասեան. «Պաքու կը խախտէ Լեռնային Ղարաբաղի ձերբակալուած գործիչներու անմեղութեան կանխավարկածը»

Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Անահիտ Մանասեան, «Ազատութիւն» լրասփիւռի խնդրանքով անդրադառնալով Ազերպայճանի կողմէ Արցախի նախկին ու ներկայ պաշտօնատարներու ձերբակալութիւններուն, յայտնած է, թէ խախտուած է անոնց անմեղութեան կանխավարկածը։

«Ադրբեջանական հասարակութիւնը եւ պաշտօնատար անձինք նրանց արդէն իսկ պիտակաւորում են որպէս յանցագործ, մինչդեռ վերջիններիս մեղքը դեռևս ապացուցուած չէ օրէնքով սահմանուած կարգով, դատարանի` օրինական ուժի մէջ մտած դատավճիռով։ Այդ պայմաններում կասկածի տակ է դրւում անկախ եւ անկողմնակալ դատարանի կողմից արդար դատաքննութեան իրաւունքի երաշխաւորման հնարաւորութիւնը»,– ընդգծած է ան։

Ընդհանուր առմամբ, ըստ Մանասեանի, Ազերպայճանի մէջ ամէնէն բարձր մակարդակով կը հովանաւորուի եւ կ՚իրականացուի հայատեացութիւնը, որու մասին կը վկայեն նաեւ միջազգային կառոյցներու հրապարակած զեկոյցները: