Search
Close this search box.

Անարգանք ու խայտառակութիւն. ԻՒՆԷՍՔՕ-ն Ազերպայճանը ընտրած է իր ընդհանուր համաժողովի փոխնախագահի պաշտօնին

Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոնի անկիւնը

Անարգանք ու խայտառակութիւն. ԻՒՆԷՍՔՕ-ն Ազերպայճանը ընտրած է իր ընդհանուր համաժողովի փոխնախագահի պաշտօնին

«Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն անարգանք համարած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ կատարուածը։

«ԻՒՆԷՍՔՕ-ն նպատակայարմար չհամարեց դատապարտել Ազերպայճանցիներու  իննամսեայ շրջափակումը, որու ընթացքին խաթարուեցաւ հազարաւոր հայ երեխաներու ուսումանկան աշխատանքը։  Իսկ հիմա ան Ազերպայճանը կ՚ընտրէ  իր ընդհանուր համաժողովի փոխնախագահի պաշտօնին։ Անարգանք»,– X-ի իր էջին գրած է Պիւիսոն։

Գրառումը մեկնաբանելով օգտատէրերը նշած են՝ «Սարսափելի է», «Հաստատութիւնները կը կորսնցնեն իրենց պատիւն ու վստահութիւնը»,  «Չզարմանաք, եթէ քանի մը օր ետք պարզուի, որ հսկայական գումար նուիրուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ին»…։