Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Սեպտեմբեր 14-ի գիշերը, տեղի ունեցած է խորհրդակցական նիստ, որուն մասնակցեցած են համասփիւռքեան-համահայկական գործունէութիւն ծաւալող եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ միութենական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ Նիստին միակ օրակարգը եղած է Հայաստանի դէմ Ազերպայճանի սանձազերծած յարձակումին պատճառով ստեղծուած կացութեան քննարկումը եւ Սփիւռքի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն ուղենիշերու ճշդումը։
Խորհրդակցական հանդիպման բացման նիստին Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան ընթերցած է Հայաստանի դէմ Ազերպայճանի սանձազերծած յարձակման առիթով Վեհափառ Հայրապետին հրապարակած՝ համահայկական եւ համաժողովրդային դիմադրութեան նախաձեռնելու կոչը։
Արամ Ա.ի նախաձեռնութիւնը ողջունած են հայ կաթողիկէ համայնքապետ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարք եւ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ վերապատուելին, երեք կուսակցութիւններու եւ միութիւններու համասփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչները՝ շեշտելով նման ձեւաչափով խորհրդակցութիւններու անհրաժեշտութիւնը։ Անոնք ընդգծած են նման պայմաններու մէջ հարցերը միասնականօրէն քննարկելու եւ համակարգուած աշխատելու կարեւորութիւնը։
Նիստի ընթացքին ներկայացուած են զեկոյցներ՝ ռմբակոծուող տարածքներուն, թշնամիին կողմէ թիրախ դարձած աշխարհագրական գօտիին, Հայոց բանակի դիմադրութեան, միջազգային արձագանգումին եւ ռազմական գործողութիւններով Ազերպայճանի հետապնդած նպատակներուն մասին։
Քննարկելէ ետք ստեղծուած իրավիճակին պատերազմական, քաղաքական եւ դիւանագիտական ուղղութիւնները, նիստը հաստատած է.-
Ա) Հայաստանի հանրապետութեան տարածքներուն դէմ Ազերպայճանի նախաձեռնած լայնածաւալ յարձակումը մէկ օղակն է Պաքուի յարձակողապաշտութեան։ Ազերպայճան այս ձեւով պատերազմը արցախեան տարածքներէն կը տեղափոխէ դէպի հայաստանեան տարածքներ՝ խախտելով միջազգային օրէնքներն ու Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութիւնը։
Բ) Ձեռնարկելով զինուորական գործողութիւններու, Պաքու կը մերժէ խաղաղ բանակցութիւններով հարցերը լուծելու ընտրանքը եւ կը տապալէ բանակցային գործընթացը։
Գ) Այս պայմաններուն մէջ մեզի կը մնայ ձեռնարկել համաժողովրդային պայքարի՝ ընդդէմ ազերպայճանական յարձակումներուն։ Համաժողովրդային պայքարը պիտի ներառնէ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններն ու Սփիւռքը։
Դ) Մեր հայրենիքի դիմագրաւած այս վտանգաւոր իրադարձութիւններուն դիմաց խիստ հրամայական կը դառնայ համազգային միասնականութիւնը։ Մեր բոլո՛ր՝ եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ միութենական կառոյցները իրենց առաջնահերթ օրակարգին պէտք է վերածեն մեր հայրենիքի հողային ամբողջականութեան պահպանումն ու մեր սահմաններուն անսասանելիութիւնը։
Ե) Ամբողջական զօրակցութիւն յայտնել թշնամիին ներթափանցումներուն դէմ մաքառող Հայոց բանակին եւ քննել գործնապէս հայկական զինեալ ուժերուն սատար կանգնելու կարելիութիւնները։
Զ) Մեր միասնական ու համակարգուած աշխատանքը, անկոտրում կամքը եւ հայկական աշխարհի մէջ ծաւալելիք համազգային դիմադրութիւնը կրնայ դէմ դնել թշնամիին եւ ձախողցնել մեր հայրենիքին սպառնացող անոր ծրագրերը։
Է) Մեր աշխարհատարած կառոյցները քաղաքական, քարոզչական եւ դիւանագիտական ուղղութիւններով պարտին լծուիլ համազգային եւ համաժողովրդային դիմադրութեան՝ փրկելու համար մեր հայրենիքը։
Ը) Վեհափառ Հայրապետին թելադրանքներէն մղուած կազմել համասփիւռքեան-համահայկական կառոյցներու ներկայացուցիչները համախմբող միացեալ խորհուրդ՝ հակաճգնաժամային ծրագրեր մշակելու եւ միասնական համազգային աշխատանք տանելու համար։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։