Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6-ի յետմիջօրէին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, Արամ Ա. կԿաթողիկոսին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ վանաբնակ միաբանհայրերուն հանդիպումը: Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Ազերպայճանի՝ Արցախի գրաւումով պարզուած կացութեան, մեր ժողովուրդին մօտստեղծուած խոր ցաւին ու ընդվզումին եւ Հայաստանի մէջ կայք հաստատած Արցախի մեր զաւակներուն մարդասիրական օժանդակութիւն կատարելուանյետաձգելի անհրաժեշտութեան:
Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանն ու մեր ժողովուրդը նոր կացութեան դիմաց կը գտնուին: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ Հայաստանը մօտէնհետեւի տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն եւ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարէ՝ հեռու պահելով Հայաստանըանհամաչափ քայլերու վտանգաւոր հետեւանքներէն: Ապա, Հայրապետը ընդգծեց, թէ իր արժեւորումով, ներկայ հանգրուանին իրապաշտ մօտեցումովռազմավարական նոր մօտեցում հարկ է ճշդուի, նկատի ունենալով յատկապէս հետեւեալ երեք կէտերը.-
ա) Ռազմագերիներու եւ Ազերպայճանի կողմէ կալանաւորուած Արցախի պետական անձնաւորութիւններու ազատ արձակում։
բ) Մարդասիրական օժանդակութիւն Արցախի մեր զաւակներուն։
գ) Միջազգային երաշխիք արցախցիներուն վերադարձի իրաւունքին:
Միաբանութիւնը իր խոր ընդվզումը յայտնեց Ազերպայճանի կողմէ Արցախի խաղաղ հայ բնակչութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմին եւ բռնի ուժովզայն իր պատմական հողերէն հեռացնելու անարգ քաղաքականութեան, որ իր մօտեցումով, եղանակով ու նպատակով ցեղասպանութիւն էր: Միաբանութիւնընաեւ խստօրէն դատապարտեց Ազերպայճանի կողմէ Արցախի նախկին եւ ներկայ պետական պատասխանատուներուն ձերբակալումը եւ ՀայաստանիՀանրապետութեան նկատմամբ շարունակուող սպառնալիքները: Ապա, ան կոչ ուղղեց Հայաստանի իշխանութեան, որ առաջնահերթութիւն ընծայէՀայաստան ապաստանած Արցախի ընտանիքներուն՝ օժանդակութեան յատուկ ծրագրեր մշակելով, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքին՝ նոյն նպատակինհամար անհրաժեշտ օժանդակութիւնը կատարելու:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։