Search
Close this search box.

Անի Բադալեան. «Արցախէն Հայաստան բռնի տեղահանման ընթացքին 66 հոգի զոհուած է եւ 14 ուրիշներ ալ՝ խոշտանգուած»

 

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան X-ի իր էջին գրած է, թէ Արցախէն Հայաստան բռնի տեղահանման ընթացքին 64 հոգի զոհուած է եւ 14 ուրիշներ՝ խոշտանգուած։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հիմնուելով Հոկտեմբեր 30-ի տուեալներու վրայ ստորեւ տրուած ընդհանուր տխուր պատկերը ներկայացուցած է.

«Հայաստանի Քննչական կոմիտէն տուեալներ հրապարակած է Սեպտեմբեր 19–ին Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Ազերպայճանի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուածներու եւ վիրաւորներու, անոնց մէջ՝ խաղաղ բնակիչներու, յատկապէս երեխաներու կորուստներու մասին։

Այսպէս՝ պատերազմին զոհուած է աւելի քան 200 հոգի, որոնցմէ 9-ը՝ խաղաղ բնակիչներ, ներառեալ՝ 3 երեխայ։ Վիրաւորուած է աւելի քան 300 հոգի, ներառեալ՝ 231 զինուորական եւ 80 անմեղ քաղաքացի։ 14 հոգի խոշտանգման ենթարկուած է ազերպայճանցի զինուորականներու կողմէ, 64 հոգի ալ զոհուած է Արցախէն Հայաստան ճամբուն վրայ։ 42 հոգի ալ անհետացած կը համարուի»։