Search
Close this search box.

Անկախ հետախուզական մարմին

Օգոստոս ամ­սուն ար­տա­քին հե­տախու­զութեան վե­րաբե­րող եր­կու դէպ­քեր ուղղա­կի եւ անուղղա­կի կապ ու­նէին Հա­յաս­տա­նի անվտան­գութեան հետ։ Առա­ջինը՝ Ռու­սա­ս­տա­նի եւ Արեւ­մուտքի մի­ջեւ Պեր­լի­նի պա­տի քան­դուելէն ի վեր 26 բան­տարկեալ­նե­րու փո­խանա­կումն էր, եօթը եր­կիրնե­րու մի­ջեւ որ կա­տարուեցաւ Թուրքիոյ միջ­նորդու­թեամբ Օգոս­տոս 2-ին։ Այս փո­խանա­կու­մին՝ ռուս բան­տարկեալ­նե­րու շար­քին էր լրագ­րող Փապլօ Կոն­սա­լես, որ իբր ռուս լրտես (բուն անու­նը՝ Բա­ւէլ Ռուպցով) յանձնուեցաւ ռու­սա­կան կող­մին։ Ռուպցով՝ 2012-էն ի վեր Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ ազատ ելեւ­մուտ ու­նե­ցած է իշ­խա­նու­թեանց բարձրա­գոյն շրջա­նակ­նե­րէն ներս, մին­չեւ իսկ 2020-ի պա­տերազ­մի ընթացքին իբ­րեւ ան­կախ լրագ­րող Ար­ցա­խի ռազ­մա­ճակատ ազատ մուտք ու­նե­ցած է, մին­չեւ իսկ հար­ցազրոյց կա­տարած է Նի­կոլ Փա­շինեանի հետ ներ­կա­յանա­լով որ­պէս ս­պա­նական EFE լրա­տու գոր­ծա­կալու­թեան թղթա­կից։ Ուքրաինա­յի պա­տերազ­մի ընթացքին լե­հական հե­տախու­զութիւ­նը զինք ձեր­բա­կալած է իբ­րեւ ռուս լրտես։

Երկրորդ դէպ­քը կը վերաբերի Թե­լեկ­րամ հա­մացան­ցա­յին ալի­քի հիմ­նա­դիր Բա­ւէլ Տու­րո­վի, որ Փու­թի­նի Պա­քու պե­տական այ­ցի ընթացքին ինք եւս կը գտնուէր Ազեր­պայճա­նի մայ­րա­քաղա­քը։ Ըստ կարգ մը շշուկնե­րու, Փու­թի­նի եւ Տու­րո­վի մի­ջեւ հան­դի­պում մը նա­խատե­սուած է։ Ծա­գու­մով ռուս, սա­կայն ֆրան­սահպա­տակ դար­ձած Տու­րով, ու­նէր նաեւ Արա­բական միացեալ էմի­րու­թիւննե­րու հպա­տակու­թիւն։ Պա­քուէն Փա­րիզ վե­րադար­ձի ճամ­բուն կը ձեր­բա­կալուի Ֆրան­սա­յի սահ­մա­նապահ­նե­րուն կող­մէ, եռօ­րեայ կա­լան­քի կ՚են­թարկուի։ Կը մե­ղադ­րուի, ազատ կ՚ար­ձա­կուի մի­լիոն եւ­րո­յի գրա­ւի դի­մաց։ Հե­տաքննու­թիւնը կը կա­տարէ Թուային յան­ցա­գործութեան դէմ պայ­քա­րի գոր­ծա­կալու­թիւնը (C3N) եւ Խար­դա­խու­թեան դէմ պայ­քա­րի ազ­գա­յին գրա­սենեակը (Onaf)։ 

Եր­կու դէպ­քերն ալ կ՚առնչուին Ռու­սաստա­նի, որու հետ Հա­յաս­տան ու­նի ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծակցու­թեան դա­շինքներ, թէ՛ երկրէ եր­կիր, թէ՛ ալ ՀԱՊԿ ռազ­մա­կան դա­շին­քէն ներս։ 2020-ի պա­տերազ­մին, հայ­կա­կան հե­տախու­զութիւ­նը որ ուղղա­կի կա­պուած էր ռու­սա­կանին, չկրցաւ նա­խատե­սել Սեպ­տեմբեր 27-ի ազե­րական յար­ձա­կու­մը։ Ռու­սա­կանն ալ բնաւ չօգ­նեց հայ­կա­կանին, կամ ինք ալ ան­կա­րող եղաւ գու­շա­կելու։ Հայ­կա­կան կող­մի կո­րուստնե­րու 50 տո­կոսին պա­տերազ­մի առա­ջին ժա­մերուն պա­տահած ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը ցոյց կու տայ հե­տախու­զական ծա­ռայու­թեան կա­րեւո­րու­թիւնը երկրի անվտան­գու­թեան ապահովման տեսանկիւնէն։

2020-ի պա­տերազ­մի պա­րագա­յին, Ռու­սաստա­նի հե­տախու­զութեան դե­րակա­տարու­թիւնը տա­կաւին ամ­բող­ջո­վին չէ բա­ցայայ­տուած։ Բազ­մատեսակ շշուկներ կը շրջին՝ ի վնաս հայ­կա­կան ու­ժե­րու անոր ծաւալած գործունէութեան մա­սին։ Յետ­պա­տե­րազ­մա­կան շրջա­նին, ներկայ ռու­սա­կան խա­ղաղա­պահ ու­ժե­րու ժխտա­կան դե­րակա­տարու­թիւնը աւե­լի կը զօրացնէ ռու­սա­կան հե­տախու­զութեան՝ ի նպաստ ազե­րինե­րուն դիր­քո­րոշման վարկածը։

Այս խնդիր­նե­րը պատ­ճառ դար­ձան որ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւնը խստօ­րէն վե­րակազ­մա­կեր­պէ երկրի Անվտան­գութեան ծա­ռայու­թիւ­նը եւ Դեկ­տեմբեր 2022-ին ստեղ­ծէ Հե­տախու­զութեան յա­տուկ կա­­ռոյց մը, ան­կախ՝ Հա­յաս­տա­նի ԱԱԾ-էն (Անվտան­գութեան ազ­գա­յին ծա­ռայու­թիւն – նախ­կին KGB), որուն առա­ջին պետ նշա­նակուեցաւ Քրիս­տի­նէ Գրի­գորեան, որ 2022-ի սկիզ­բը, տա­րի մը, Հա­յաս­տա­նի Մար­դկային իրա­ւանց պաշտպա­նի պաշ­տօ­նը վարած էր։

Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան՝ Զուարթնոց օդա­կայա­նէն եւ Ազեր­պայճա­նի սահ­մաննե­րէն ռուս սահ­մա­նապահ­նե­րու մեկնու­մի պա­հան­ջին գլխա­ւոր պատ­ճառնե­րէն մէկն է նաեւ հայ­կա­կան հե­տախու­զութեան ան­կա­խու­թիւնը ամ­րապնդե­լու նպատակը։

Ռու­սա­կանէն ան­ջա­տուե­լու զու­գա­հեռ, կա­ռու­ցե­լու հա­մար ամուր, վստա­հելի նոր հե­տախու­զա­կան կա­ռոյց մը, Հա­յաս­տան կը գոր­ծակցի արեւմտեան եր­կիրնե­րու հե­տախու­զա­կան մար­միննե­րուն հետ, մաս­նա­ւորա­պէս՝ ԱՄ­Ն-ու, Ֆրան­սա­յի եւ Անգլիոյ ազ­գա­յին անվտան­գութեան գոր­ծա­կալու­թիւննե­րուն հետ, որոնց տնօ­րէն­նե­րու վեր­ջին շրջա­նի այ­ցերը Երե­ւան աննկատ չանցան։

Ժ.Չ. ■