Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան՝ 1 միլիոն եւրոյի մարդասիրական տարեկան մրցանակի դատակազմին յաջորդ նախագահը պիտի ըլլայ Գերմանիոյ նախկին վարչապետուհի Անկելա Մերքէլ։
2021 Դեկտեմբերին վարչապետի պաշտօնէն հեռանալէն ի վեր այս մէկը Մերքէլի ընդունած առաջին պաշտօնն է:
Ան պիտի փոխարինէ Խորխէ Սամփայօն, որ դատակազմը կը գլխաւորէր մրցանակի հաստատումէն ի վեր:
«Կիւլպէնկեան» մարդասիրական մրցանակը սահմանուած է Հիմնարկութեան կողմէ՝ նպատակ ունենալով խրախուսել այն մարդիկը, խումբերը կամ կազմակերպութիւնները, որոնք բացառիկ ջանքեր կը գործադրեն կլիմայական ճգնաժամի դէմ պայքարին մէջ։
Մրցանակը առաջին անգամ 2020 թուականին շնորհուած էր երիտասարդ շուէտացի գործիչ Կրեթա Թունպերկին, որ որոշած էր գումարը յատկացնել բնապահական եւ մարդասիրական տարբեր ծրագրերու:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։