Ցաւով՝ նոր տեղեկացայ գրութեան մը մասին, որ անկասկած քանի մը օրէ ի վեր կը շրջի «Կայծակ. արձագանգը խղճի ձայնի» վերնագրով կայքին վրայ։ Ան, ծայրայեղ գռեհիկ կերպով կը վիրաւորէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը եւ անոր ընդմէջէն մեր ամբողջ Եկեղեցին։ Հայ եկեղեցւոյ իմ նման հաւատացեալն ու ծառան չի կրնար ընդունիլ նման բան։
Խնդրոյ առարկայ գրութեան հեղինակը,– հաւանաբար նախկին հոգեւորական մը,– առանց իմ համաձայնութեան օգտագործած է իմ մէկ յօդուածը, որ վերջերս լոյս տեսաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ։ Հոն, ես կը դատապարտէի դաւադրութիւնը,– որուն ականատեսն ենք բոլորս,– Մոսկուայի ներկայի պատրիարքին եւ Ազերպայճանի մահմետականներու հոգեւոր առաջնորդին միջեւ։
Հակառակ մամուլին մէջ ընկալեալ բարոյագիտական կանոններուն՝ այդ գրութեան հեղինակը չի մէջբերեր «Նոր Յառաջ» թերթի անունը՝ այդպէսով ենթադրել կամ կարծել տալով, որ իմ յօդուածը գրուած ըլլար իր կայքին համար։
Ռուս եկեղեցին, ցաւօք, միակը չէ մեր քոյր եկեղեցիներէն, որոնք կը համագործակցին ազերպայճանական իշխանութեան հետ։ Որպէս քրիստոնեայ՝ անձամբ խոր ցաւ կը զգամ։ Նոյն թերթին՝ «Նոր Յառաջ»-ի սիւնակներուն մէջ («ՆՅ» – Ի մասնաւորի թերթիս ֆրանսերէն տարբերակին մէջ) ես քանի մը անգամ դատապարտած եմ նաեւ Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ նման վերաբերումը։
Այս հարցին նուիրուած յօդուածիս մէջ ես նաեւ կը հարցապնդէի հայ երեք Եկեղեցիներու՝ առաքելական, կաթոլիկ եւ աւետարանական առաջնորդները՝ այս կրկնուող խնդրի բուժման վերաբերեալ: Բոլորովին վերջերս ես արծարծեցի նաեւ Ասորի եկեղեցւոյ նմանատիպ վերաբերումը մեր եպիսկոպոսներէն մէկուն հետ: Վերջինս ինծի ըսաւ, որ տեղեկութիւնը անմիջապէս պիտի հաղորդէ Վեհափառ հայրապետին։
Վարշաւայի մէջ Լեհաստանի կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ Արցախի հայկական ժառանգութեան վերաբերեալ վերջերս կազմակերպուած ցուցահանդէսը կը վկայէ, որ մենք ձեռնածալ չենք նստած։ Այս ցուցահանդէսը կու գայ պատասխանելու մէկ այլ ցուցահանդէսի, որ նախապէս կազմակերպուած էր այդ նոյն երկրին՝ Լեհաստանի մէջ, Ազերպայճանի դեսպանատան նախաձեռնութեամբ՝ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ համագործակցութեամբ։ Հոն, Արցախի եկեղեցիները ներկայացուած էին որպէս աղուանական ժառանգութեան յուշարձաններ։
Հետեւաբար, այս պարոնի մտադրութիւնը ակնյայտօրէն կը կայանայ առաւելաբար անձնական հաշիւներ մաքրելու ցանկութեան մէջ, քան այս կամ այն Եկեղեցւոյ վերաբերումը դատապարտելու:
Անգամ մը եւս, ըստ մեր «գէշ սովորութիւններ»-ուն՝ ան կը նախընտրէ յարձակիլ հայկական հաստատութեան մը ու անձի մը վրայ, տուեալ պարագային՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին վրայ, քան Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի հակառակորդներուն։
Որպէս եզրակացութիւն,– քանի որ այս պարոնը մտադիր է դասեր տալ բոլորին,– կ՚ուզեմ յիշեցնել իրեն, որ նման յարձակումներ եւ նման բառապաշար վայել չեն մէկուն, որ հաւանաբար ալ ստացած է սրբազան Միւռոնի օրհնութիւնը։
Ուստի իրմէ կը խնդրեմ անյապաղ ջնջել իմ յօդուածը իր կայքէն:
Իւրաքանչիւր անձ պէտք է պատասխանատու ըլլայ իր արարքներուն ու գրածներուն։
ՍԱՀԱԿ ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։