Օգոստոս 20-ի երեկոյեան, աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ բողոքի ցոյցեր կազմակերպուած են՝ Ազերպայճանի կողմէ պարտադրուած Արցախի ապօրինի շրջափակումը դադրեցնելու պահանջով։
Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի կեդրոնին մօտ, ԱՄՆ-ու եւ Գանատայի քանի մը հարիւր հայեր համախմբուած են դատապարտելու Արցախի ամբողջական պաշարումը,պահանջելով անյապաղ բանալ արցախահայութեան կեաքի ճանապարհը:
Նմանօրինակ ցոյցեր կազմակերպուած են նաեւ Ուաշինկթընի Սպիտակ Տան մօտ եւ Եւրոպայի շարք մը քաղաքներուն մէջ։
Ցոյցերուն միացած է նաեւ Ստեփանակերտը։
Յիշեցնենք, որ արդէն 252 օր է, որ Արցախը շրջափակուած է եւ բնակչութիւնը մարդասիրական աղէտի եւ սովամահութեան դէմ-յանդիման կը գտնուի: ԻսկՀայաստանէն մեկնած սննդամթերքով բեռցուած կառքերը շաբաթներէ ի վեր կեցած են Կոռնիձոր, քանի որ Ազերպայճան թոյլ չի տար անոնց Արցախ մուտքը՝ անտեսելով թէ՛ միջազգային քրէական ատեանի որոշումը եւ թէ՛ տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու կոչերը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։