Search
Close this search box.

Ապագայատեսիլ Սփիւռքը՝ գործնական ծրագրերով

 

Գրեց՝ Դոկտ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Ընթացիկ տարուան Յունիսի երկրորդ կիսուն, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ գաղափարական, մասնագիտական, թէ յարանուանական իրենց պատկանելիութիւններէն անկախ, հոյլ մը աշխարհով մէկ ցիրուցան, բայց անխտիր բոլորը նոյն ցաւոտ մտահոգութեամբ, հարուստ՝ ազգային թէ համայնքային կենսափորձով, մասնագիտական հմտութեամբ, բեղուն փորձառութեամբ սփիւռքահայ, գիտական կառոյցներու եւ այլազան բնագաւառներու մէջ ազդեցիկ դերակատարութիւն ունեցող քսան մտաւորականներու կողմէ առաջարկուած լրջամիտ ծրագրերու հատընտիր մը` «ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ. Ընկալուածէն դէպի ապագայատեսիլ Սփիւռք. ի՞նչ բարեփոխել եւ ինչպէ՞ս վերակազմակերպել» խորագրեալ հատորը, որ կը բաղկանայ 150 էջէ։

«2022ը՝ Սփիւռքի տարի» Արամ Ա. վեհափառի կաթողիկոսական կոնդակով հռչակագիրը յանձնառու եւ պարտաւորիչ համարելով՝ Յունուարի վերջին օրերուն գործնական ծրագրի մը մտայղացումն ու նախաձեռնութիւնը առաջ բերած էր, 2011-ին հիմնած եւ մինչեւ օրս շուրջօրեայ սփռուող www.radioayk.com առցանց ձայնասփիւռի կայանի հիմնադիր ու հաղորդավարուհի՝ Շաքէ Մանկասարեանը։ Գիրքին մեկենասն է Շաքէ եւ Մարք Կրոկըն ամոլը, որպէս խմբագրական խորհրդական ունենալով՝ առակագիր Եզնիկ Բալայեանը, գրողներ` Գէորգ Պետիկեանը, Ռուբէն Յովակիմեանը, գեղանկարիչ՝ Վիգէն Շարոյեանը. իսկ հատորին խմբագրութիւնը ստանձնած են փրոֆ. Արա Սայեղ եւ Շաքէ Մանկասարեան։ 

Իր գերյոգնած մարտահրաւէրներով, համաշխարհայնացումի քաշկըռտուքին դիմաց անհաստատ, օրէ-օր որակի սով մը ապրող Հայկական սփիւռքը իր ինքնամաշումի իրավիճակէն, բեւեռացած խրամատներէն, ապագայի անորոշ հորիզոնէն դուրս բերելու համար զգաստացնող ահազանգի մը կը կարօտի, թմրութիւնը թօթափող անյետաձգելի ուժգին սթափումի մը պահանջը ունի։ Արամ Ա. կաթողիկոս այդ մարտակոչը խստաշունչ բարձրացուց, վտանգները ահազանգեց եւ վերջապէս անկիւնադարձային հռչակագրով մը ազդարարեց։ 

Ուստի անմիջական ելքեր փնտռելու գործնական ռազմավարութեան խիստ պահանջի դիմաց ենք։ Լոզունգներէ, տրտնջացող տրամաբանութենէ շատ հեռու, բուժելու կամքով եւ կարողութեամբ, գիտական հմտութեամբ տոգորուած, փորձառու եւ արհեստավարժ լրջախոհութեամբ գործելու ու մասնագիտացած ուղղութիւններով ընթանալու անյետաձգելի հրամայականին դէմ-յանդիման ենք ազգովին: 

Վերջին տասնամեակներուն տեղի ունեցած բոլոր շնորհակալ նախաձեռնութիւնները, զանազան համայնքային հանդիպումները, գաղութային խորհրդակցութիւնները, քննարկումները, խորհրդաժողովները, համագումարները, լսարանները եւ այլն, մնացին անպարտադիր եւ անկախ, տեսական եւ անկաշկանդ պարունակի կամ մակարդակի վրայ։ Նոյնիսկ մարտահրաւէրները, վերլուծումները եւ ահազանգող ալեկոծումները կարծես անհետացան, զգուշացնող տագնապները շոգիացան՝ մնալով միայն մամուլի էջերուն վրայ իբրեւ յիշատակելի եւ չգործադրուած իրադարձութիւններ, անցուդարձեր։ 

Ուստի գործնական ծրագրեր մէջտեղ բերելու համար, խիզախութիւն մը պէտք չէր, միայն գործին նախաձեռնելու եւ մասնակցելու զօրեղ կամք ու իրագործելու հաստատակամ հաւատքի կարիքը կար։ Այս հատորը այդ հաւատքի եւ գործելու ձեւաչափի վառ ապացոյցն է, հաւաքական աշխատանքի դրսեւորման գործնական մէկ նմուշը։ Մէկ խօսքով, այս հատորին մէջ տեղ գտած են այլընտրանքային լուծումներ, ելքեր ու գործադրելի առաջարկներ, որոնք անհասցէ չմնացին։

Նման ծրագրերու հատոր մը միասնական խտացուած ճիգերու արգասիքն է, փաստացի հաստատում մըն է, թէ հայկականին զուգահեռ, համահայկականին նախաձեռնելու, ծրագրելու եւ գործադրելու կամք, կարելիութիւններ եւ գործիքաւորում կարելի է որոնել։ 

Բազմանշանակ եւ օրինակելի է նման անձնական նախաձեռնութեամբ ծնունդ առած եւ հաւաքական աշխատանքով աւարտած գործնական ծրագրերու հատոր մը։ Աշխատանք մը, որ պէտք է ըլլար Հայկական սփիւռքի աւանդական կառոյցներու, զանազան ղեկավար միաւորներու գործնական առաքելութիւնը, հեռատես ռազմավարութեան առաջնահերթութիւնը, գերագոյն նպատակը՝ մեր ներուժը համախմբելու, կամրջելու, շաղկապելու, ծրագրաւորելու, մասնագիտական հարթակներ ստեղծելու եւ միասնական համագործակցութիւնը ամրապնդելու, հայ մտաւորականներու փաղանգները համախմբելու գերանհրաժեշտ օրակարգերու հիմնական ծրագրերու շուրջ՝ որոնք կը կոչուին Սփիւռքի գոյատեւման գերխնդիրներ։ 

Գործնական ծրագրեր առաջարկելու, մշակելու նախաձեռնութեան մը մասնակցիլ պիտի նշանակէր որ՝ Սփիւռքի մէջ թէեւ փոքր, բայց կա՛յ տակաւին գործնական, լաւատեսութեան լուսաշիթերու հաւատացող հոյլ մը, որ կը ճգնի զօդել հայ մտաւորականները, կը տագնապի անոնց միջեւ ամրապնդելու համար շինիչ կապն ու կամուրջը, կը միտի միասնականութեան հարթակներ ստեղծել, անդրդուելի կամք ունի նոյն թիրախին ծառայելու, զօրակցութեան ձեռք մեկնելով՝ սփիւռքահայ միաւորները դրդելու, շահագրգռելու՝ միտք-մտքի կցելով մտախոհելու, միասնականութեան միախորհուրդ հոգին գործնականացնելու, բարձրահունչ մարտակոչերը լսելի դարձնելու, ահազանգային աղաղակ մը հնչեցնելու գերագոյն նպատակին, թէ՛ հայկական եւ թէ՛ համասփիւռքեան մեր կեանքին մէջ։ 

Հատորին մէջ յիշուած գործնական ծրագրերը կարելի է համարել համեստ ձեւաչափով լուսամուտեր, անոնց ընդմէջէն արտասփռուող միտքերը ճաճանչող շողերու նման կարող են Սփիւռքի՝ հայապահպանութեան, հայակրթութեան, ազգային ունեցուածքներու կառավարման, հայահաւաքի, բազմաշերտ վերակառուցումի, գիտական կեդրոններու, տեղեկագիտական, թուային եւ օժանդակ արհեստագիտութիւններու, ինքնութեան եւ այլ բաղադրիչ բնագաւառներու վրայ լոյս սփռել, մատչելի դարձնել: 

Գիրքի կազմին վերջին էջին զետեղուած՝ ծրագրերու հիմնական միտքերը կը պարզաբանեն հատորին մէջ տեղ գտած ծրագրերու բանալի ուղղութիւնները, կը փոխանցեն լուծումներու յստակ մտապատկեր մը, կենսագործելի մտադաշտեր կը թելադրեն, բարեյուշութիւններու կը մղեն։

Համոզիչ եւ արդար է, որ մեր ազգային տեսական բարձրագոչ լոզունգները, որոնք ընդհանրապէս ժամանակի հոսանքին հետ խաբուսիկ կը դառնան՝ եթէ չգործնականացնենք զանոնք, լալկան եւ տրտնջացող տրամաբանութեամբ ճապաղ ազգայնական եւ հրապարակային աղմկարար ճառերու կը վերածուին, մէկ խօսքով՝ ապաշնորհ քարոզչութիւններ եւ ընդհանրապէս` խօսոյթներ կը մնան, մակերեսային տեսաբանութեամբ, եւ մանաւանդ զգացական մօտեցումով համակուած, ԵԹԷ չգործնականցնենք այդ բոլորը իմաստալից ծրագրերով։ 

Ապացոյց է նաեւ, որ նոր հայ սերունդի ջախջախիչ մասը անդրդուելի է, խուլ կը ձեւացնէ այդ ամէնուն դիմաց, որով այդ բոլոր մարտահրաւէրները մնացած են միայն տեսական եւ հատուածական պարունակի մէջ։ Ուստի գործնական նորարար ռազմավարութեամբ պէտք է զրուցել, համոզել մեր մտասեւեռումին կիզակէտը հանդիսացող նոր սերունդը: Խիստ կարիքն ունինք ժամանակակից գիտական, արհեստավարժ եւ հմուտ ճարտարապետումի՝ սփիւռքի մարտահրաւէրները տարրալուծելու, ելքեր գտնելու։ Ճիշդ այդ մէկն է այս հատորին թիրախը, եւ ուրեմն անոր մէջ տեղ գտած գործնական ծրագրերուն ճշգրիտ հասցէն։ 

Աւելորդ չէ նշել, որ ներկայ հատորին մէջ ներկայացուած ծրագրերը վերջակէտ մը չեն սփիւռքահայ մարտահրաւէրներուն ելքեր որոնելու ճիգերուն ընդառաջ, որ հաւանաբար ամբողջական ալ չեն, սակայն իրապաշտ ըլլալու համար՝ կրնան համոզիչ խթան հանդիսանալ, մտածելու թելադրիչ նշաձողեր ըլլալ նոր ծրագրերու լուսաբացի մը, օգտաշատ գաղափարներու շահեկան հորիզոններ յորդորելու: Կենսական է շեշտել, որ ներկայացուած մտորումներու, վերլուծումներու, ծրագրերու աշխատակարգը կարելի է իր բնոյթով՝ եզակի համարել, իսկ իր իմաստով՝ նախաձեռնութիւններու եւ հետագայ հնարաւոր գործնական քայլեր իրականացնելու երթի սկզբնական ՈՒՂԵՑՈՅՑ մը: 

Հաւաքական այս նախաձեռնութիւնը վառ օրինակն է, որ տակաւին Սփիւռքի մէջ ունինք գործնական ծրագրերու հաւատացող ու աշխատանք չզլացող ապագայատեսիլ մտաւորականութիւն մը: Կը հաւատանք նաեւ, որ «Սփիւռքի տարի» հռչակագիրը յարմարագոյն գործի կոչնակն է, տա-լու պահը: Եւ Հայը գիտէ, որ ազգաշէն գիտակցութեամբ տալը, նուիրաբերելը զրկանք չէ: Տալը հրճուանք է, երբ թիրախը հայ ազգի ընդհանրական եւ ապագայատեսիլ շահն է։

Ա. Ս. ■