Ապրիլ 24-ին, Մոլտաւիոյ մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ տեղի ունեցած են Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին նուիրուած շարք մը ոգետկոչման ձեռնարկներ։
Առաւօտեան, Հայ առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է յիշատակի եւ ոգեկոչման արարողութիւն, մասնակցութեամբ՝ Մոլտաւիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վլադիմիր Կարապետեանի, տեղւոյն հայ համայնքի ղեկավար Կարէն Յովհաննիսեանի, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ Տաթև եպիսկոպոս Յակոբեանի։
Իր ելոյթին, դեսպանը նշելով Ցեղասպանութեան միջազգային ընկալման անհրաժեշտութեան մասին, ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած կացութիւնը եւ անդրադարձած Հայաստան-Մոլտաւիա երկկողմ յարաբերութիւններուն։
Արարողութեան մասնակիցները ծաղիկներ զետեղած են եկեղեցւոյ բակը տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին, այնուհետեւ ուղեւորուած են դէպի Քիշնեւի կեդրոնը գտնուող Հայկական փողոցը, ուր եւս ծաղիկներ զետեղած են հայ-մոլտաւական բարեկամութիւնը խորհրդանշող խաչքարին:
Երեկոյեան տեղի ունեցած է հանդիսաւոր համերգային յուշերեկոյթ մը՝ Մոլտաւիոյ ազգային սիմֆոնիք նուագախումբին եւ օտեսահայ երիտասարդ դուդուկահար Նարեկ Աւետիսեանի մասնակցութեամբ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։