Search
Close this search box.

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐ – ՊԱՂՏԱՏ

Հանդիսապետութեամբ Իրաքահայ թեմի առաջնորդ՝ Օշական եպիսկ. Կիւլկիւլեանի, Ապրիլ 26-ին պատարագ մատուցուած է  Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ  մայր եկեղեցւոյ մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին։

Պատարագի աւարտին, Զուարթնոց դպրաց դասը հանդէս եկած է ազգասիրական երգերով։ Այնուհետեւ ներկաները Առաջնորդ սրբազան հօր գլխաւորած թափօրին հետեւելով ուղղուած են դէպի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած Խաչքար-յուշարձանը, ուր զետեղած են ծաղիկներ ու ծաղկեպսակներ: Ապա եկեղեցւոյ կից գտնուող  վարժարանի բակին մէջ աշակերտները ծառ տնկած են ի նշան հայ ազգի գոյատեւման։

Այս հոգեպարար արարողութեանց ներկայ եղած են նախկին առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան, Հոգեւորականաց դասը, Հայաստանի դեսպանութեան հաւատարմատար Ռուբէն Սողոյեան, հիւպատոս Հրաչեայ Յովհաննէսեան, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարապետ Գալուստեան, Պաղտատի Հայ միութենական Հաստատութեանց վարչութիւնները, Առաջնորդարանի առընթեր գործող յանձնախումբերը, ՀՄԸՄ-Ի եւ ՀԲԸՄ-ի սկաուտները, ինչպէս նաեւ հոծ բազմութիւն մը։

Լուսանկարները՝ Ռաֆֆի Լուսեանի