Ապրիլ 28-ին, Փարիզեան շրջանի Սարսէլ քաղաքի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած հանրապարտէզին մէջ տեղադրուած խաչքարին եւ Կոմիտաս վարդապետի կիսանդրիին առջեւ տեղի ունեցած են ծաղկեպսակներու զետեղման հանդիսաւոր արարողութիւններ։ Ներկայ եղած են Սարսէլի քաղաքապետ Փաթրիք Հատտատ, Հայաստանի դեսպանութեան երրորդ քարտուղար Շիրազ Յովակիմեան, քաղաքի հայ առաքելական եւ ասորական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը, տեղւոյն հայկական, ասորական, հրէական, ալեւի, եզդի եւ քրտական համայնքային եւ հոգևոր կառոյցներու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ֆրանսահայեր եւ ֆրանսիացիներ։
Այնուհետեւ ելոյթներով հանդէս եկած են քաղաքապետը, դեսպանութեան, ինչպէս նաեւ հայ եւ ասորի համայնքներու ներկայացուցիչները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։