Ապրիլ 24-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցած է Վալ տը Մառն նահանգի ԳրԷթեյլ քաղաքի՝ Ֆրանսայի համար նահատակուած հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի շրջափակին մէջ։ Ներկայ եղած են քաղաքապետ Լոռան Գաթալա, նահանգապետի տեղակալը, Հայաստանի դեսպանութեան առաջին քարտուղար Գայիանէ Մանուկեան, ֆրանքեւհայկական Ալիանս» կազմակերպութեան նախագահ Տելֆին Գույումճեան, նահանգային, քաղաքային եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, որոնք ծաղկեպսակներ զետեղած են յուշարձանին առջեւ։
Աւարտին, երաժշտական կատարումներով հանդէս եկած են Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ – Արապեան վարժարանի աշակերտները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։