Search
Close this search box.

Արամ Ա.– «Մտահոգիչ են Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները եւ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլումը»

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Դիմագիրքեան գրառումով անդրադարձած է հայ–թրքական բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլման հարցերուն։ Գրառման մէջ նշուած է․-

«Մտահոգիչ են վերջին օրերուն Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումները, յատկապէս Հայաստան-Թուրքիա բանակցութեան, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի՝ Հայաստան մուտքի արգիլման գծով։ Նման երեւոյթներ կրնան բացասական հետեւանքներ ունենալ՝ մասնաւորաբար Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեան վրայ։ Անհրաժեշտ է, որ յստակ ու ամբողջական տեղեկութիւններ հաղորդուին հանրութեան»։