Search
Close this search box.

Արայիկ Յարութիւնեան հանդիպում ունեցած է Նիկոլ Փաշինեանի հետ

 

Վարչապետ Փաշինեան Հոկտեմբեր 12-ին Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։

Հայաստանի կառավարութենէն կը հաղորդեն, թէ նման հանդիպումներ պարբերական բնոյթ կը կրեն։ Արցախի նախագահին Երեւան այցելութեան հիմնական նպատակը եղած է քննարկել 2022 Հոկտեմբեր 6-ի Փրակայի քառակողմ յայտարարութիւնը, որուն համաձայն՝ Հայաստան ու Ազերպայճան հաստատած են իրենց յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991 Ալմա-Աթայի հռչակագրին, որոնց միջոցով կը ճանչնան մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը

Աւելցնենք, թէ վարչապետի պաշտօնական կայքին վրայ հանդիպումէն հաղորդագրութիւն եւ լուսանկար չկան։