Search
Close this search box.

Արարատ Միրզոյեան Խոսեփ Պորէլի հետ հանդիպումին ընդգծած է խաղաղութեան պայմանագրի կնքման անհրաժեշտութիւնը

 

Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Տուպրովնիքի (Խրուաթիա) համաժողովի շրջանակին մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Խոսեփ Պորէլի հետ: 

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան օրակարգային հարցեր, յարաբերութիւններու էական խորացման միտող քայլերն ու դրական հեռանկարները: Այս համածիրին մէջ ընդգծուած է առկայ գործիքակազմերու արդիւնաւէտ կիրարկման միջոցով Հայաստանի դիմադրականութեան ամրապնդման, մուտքի արտօնագրերու ազատականացման շուրջ երկխօսութիւնը սկսելու կարեւորութիւնը: 

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են միջազգային ու տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցերու շուրջ: Ընդգծուած է ուժի կիրարկման միջոցով խնդիրները կարգաւորելու գործելակերպի համընդհանուր բացասական հետեւանքները եւ միջազգային իրաւունքի հիմնական սկզբունքները յարգելու անհրաժեշտութիւնը: 

Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան ապահովման տեսանկիւնէն՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ ճշմարիտ կայունութեամբ շահագրգռուած գործընկերներու հիմնական արժէքներու յենող մօտեցումներուն կարեւորութիւնը։