Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի դիւանի Դեկտեմբեր 3 թուականը կրող յայտարարութեան լոյսին տակ, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հայրախնամ հովանաւորութեամբ եւ տնօրինութեամբ, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը, Առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի գլխաւորութեամբ, սկսած է հալէպահայ բոլոր ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութեան բաշխումը, առանց յարանուանական խտրութեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս։
Սրբազան Հայրը բաշխումին ներկայ գտնուելով աղօթք բարձրացուցած է առ Աստուած, խրախուսած, գօտեպնդած եւ մխիթարած ժողովուրդի զաւակները՝ թելադրելով, որ չվախնան, խուճապի չմատնուին, այլ աղօթեն եւ ապագայի նկատմամբ բարձր տրամադրութեամբ դրսեւորեն իրենց ընթացքը, միշտ յուսալով, որ Աստուած մեր կողքին է եւ մեզ չի լքեր, լաւ պիտի ըլլայ ընթացքը, պարզապէս համբերութեամբ պէտք է սպասել։
Այս ուղղութեամբ, Սրբազան հայրը Վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնները հաղորդած է ժողովուրդին, յիշեցնելով, որ Վեհափառ հայրապետը մնայուն կերպով հալէպահայութեան կողքին է եւ ամէն ճիգ ու ջանք ի գործ պիտի դնէ օգտակար դառնալու անոր սիրեցեալ զաւակներուն։
Սրբազան հայրը խրախուսիչ խօսքերով եւ հայրական օրհնութիւններով առաւել տոկունութիւն, համբերութիւն, ուժ եւ կորով մաղթած է ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի զօրաւոր կամքով դիմագրաւեն դժուարութիւնները եւ յաղթական դուրս գալով շարունակեն երթը՝ համագործակցութեան ոգիով զիրար քաջալերելով, ժխտական տրամադրութիւնները մէկ կողմ թողլով եւ միշտ դրական ըլլալով, միշտ ապաւինելով եւ հաւատալով Հօր Աստուծոյ, որ մեր քայլերը կ՚առաջնորդէ դէպի բարին եւ կատարեալը։
Նշենք, թէ բաշխումի աշխատանքը պիտի շարունակուի յառաջիկայ օրերուն, յաջորդականութեամբ եւ կազմակերպուած դրութեամբ, որպէսզի հալէպահայ բոլոր ընտանիքները ստանան իրենց տրամադրուած նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։