Search
Close this search box.

ԱՐԺԱՆԹԻՆ – «Deportivo Armenio» ֆութպոլի ակումբի՝ Ազնաւուրին նուիրուած մարզաշապիկի շնորհահանդէսը

Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին առիթով Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ունեցած է «Deportivo Armenio» ֆութպոլի հայկական ակումբի՝ Ազնաւուրին նուիրուած մարզաշապիկի շնորհահանդէսը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Արժանթինի մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի դեսպաններ՝ Յովհաննէս Վիրաբեան եւ Ռոմէն Նատալ, ինչպէս նաեւ ակումբի նախագահ Լուսիանօ Նագիս։ Սփռուած է Ազնաւուր հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Նիքոլա Ազնաւուրի տեսաուղերձը։

Դուդուկահար Գագիկ Գասպարեանի կատարողութեամբ հնչած են ազնաւուրեան մեղեդիներ։

Արարողութեան ներկայ եղած են դիւանագէտներ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, մշակութային գործիչներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։