Յուլիս 15-ին, Հայաստանի մէջ սկսած են «Արծիւ գործընկեր-2024» հայ-ամերիկեան միացեալ ռազմափորձերը:
«Վազգէն Սարգսեան» ռազմական ակադեմիայի մէջ ռազմափորձերու բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին հնչած են Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու պետական փառերգերն ու «Արծիւ գործընկեր» ռազմափորձերու քայլերգը:
Զինուորներուն ողջոյնի խօսքեր յղած են Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվին։
Բացման արարողութիւնը եզրափակուած է հանդիսաւոր երթով:
Ռազմափորձերը պիտի տեւեն մինչեւ Յուլիս 24: Ներգրաւուած են Հայաստանի զինուած ուժերու խաղաղապահ ջոկատի, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ Միացեալ Նահանգներու ցամաքային զօրքերու եւ Քենզըսի ազգային ջոկատի զինուորները:
Նախորդ հայ-ամերիկեան ռազմափորձերը տեղի ունեցած էին անցեալ Սեպտեմբերին, զորս Մոսկուա մտահոգիչ նկատած էր:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։